Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԻՏԱԼԻԱ – Նոալէի եւ Դիլիջանի միջեւ ստորագրուած է գործակցութեան յուշագիր մը

Յունիս 21-ին, Դիլիջանի համայնքապետ Դաւիթ Սարգսեան ընդունած է Իտալիոյ Նոալէի (Վենետիկի շրջան) քաղաքապետութեան խորհրդական Լորենցա Պարինայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Հանդիպումին ստորագրուած է Նոալէի եւ Դիլիջանի միջեւ գործակցութեան յուշագիր մը։

Փաստաթուղթը նպատակ ունի ընդլայնել երկու քաղաքներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները, խթանել մշակութային երկխօսութիւնը, փոխանակել երկուստեք փորձառութիւնը տեղական ինքնակառավարման բնագաւառին մէջ, ինչպէս նաեւ հիմք հանդիսանալ ապագայ կրթական, երիտասարդական եւ զբօսաշրջային ծրագրերու իրականացման համար։

Կողմերը վստահութիւն յայտնած են, որ նման ձեւաչափով փոխադարձ այցելութիւնները եւ գործակցութեան նախաձեռնութիւնները պիտի նպաստեն համայնքներու զարգացման եւ քաղաքացիներու միջեւ մշակութային կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։