Հազարամեակներու պատմական առնչութիւններ ունեցող դրացի և բարեկամ երկու ազգերը՝ Հայերն ու Իրանցիները, այս տարի Փետրուար 9-ին նշեցին իրենց ժամանակակից պետութիւններու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան և Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջև դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը:
Այս կարևոր տարեդարձին առթիւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Բատախշան Զոհուրի հարցազրոյց տուած է «Արմէնփրէս»-ին, ըսելով որ՝ Իրանի և Հայաստանի ժողովուրդներու պատմական երկարամեայ յարաբերութիւնները շատ լաւ հիմք կը ծառայեն միջպետական երկկողմ յարաբերութիւնները առաւել ընդլայնելու համար:
Իր խօսքին մէջ դեսպանը ընդգծած է, թէ յատկապէս տնտեսական բնագաւառէն ներս համագործակցութիւնը պէտք է հասնի քաղաքական յարաբերութիւններու գերազանց մակարդակին:
“Գրեթէ երկու տարի է, որ Հայաստան կը գտնուիմ, և այն տպաւորութիւնը ունիմ որ մենք պէտք է բարձրացնենք իրարու հանդէպ ունեցած մեր ճանաչողութեան մակարդակը”,– նշած է դեսպանը՝ շեշտելով, որ բոլոր ոլորտներու մէջ ալ կարելի է բարելաւել յարաբերութիւնները, և ատոր համար մեծ խոչընդոտներ չկան:
Ի շարս կարգ մը հարցերու, Զոհուրի կարեւոր նկատած է թէ՛ հայ և իրանցի գործարար շրջանակներու շփումներու աշխուժութիւնը, թէ՛ ալ միջպետական ճանապարհներու բարեկարգման նախագիծերը աւարտելու գործօնը:
Երթեւեկութեան հաղորդակցութեան զարգացման մեծապես կրնայ նպաստել Թեհրանի նախաձեռնած «Պարսից ծոց–Սև ծով» միջազգային երթեւեկի միջանցքին ծրագիրը, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանէն անցնող «Հիւսիս -Հարաւ» կառուղին:
“Մենք կը խօսինք իրավիճակի մը մասին, երբ Հնդկական ովկէանոսի և Պարսից ծոցի աւազանի հսկայական բնակչութիւնը յարմար երթուղի կ՚ունենայ բեռները դէպի Սև ծով և Եւրոպա փոխադրելու համար, և իրականութեան մէջ ատկէ կը շահին երթուղիի երկայնքին գտնուող բոլոր երկիրները”,– շեշտած է Իրանի դեսպանը:
Նախագծին ամէնէն ազդեցիկ և կարևոր բաժիններէն մէկը, ըստ դեսպանին, «Հիւսիս–Հարաւ»-ի չորրորդ հատուածի մէկ մասն է, որ Քաջարանը և Սիսիանը կը միացնէ կամուրջներով ու փապուղիներով:
Իրանի կողմէ դիտարկուող հիմնական տարանցիկ երթուղին Նորդուզ–Սիւնիք–Երևան ցամաքային ճամբան է:
Իրան կ՚ողջունէ Հայաստանի և Ազէրպայճանի միջև երթեւեկութեան ու տնտեսական կապերու ապաշրջափակման բանակցային գործընթացը, որ կ՚իրականացուի՝ յարգելով երկիրներու ինքնիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը: Դեսպան Զոհուրիի համաձայն՝ եթէ Նախիջևանի ճամբաները բացուին՝ Իրանի և Հայաստանի միջեւ կապ կը հաստատուի Ջուլֆա-Նախիջեւան երկաթուղային կարճ ճամբով:
Միևնոյն ժամանակ իրանցի դիւանագէտը ընդգծած է, թէ առաջարկուող նոր տարբերակները չեն կրնար պատճառ դառնալ անտեսելու Սիւնիքի մարզով ցամաքային ճանապարհի և Հայաստանի տարածքին՝ «Հիւսիս–Հարաւ» նախագծին կարևորութիւնը: