Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԻՐԱՆ ՀՀ վարչապետը Նովրուզի առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Իրանի հոգեւոր առաջնորդին եւ նախագահին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլահ Սեյեդ Ալի Խամենէիին եւ նախագահ Սեյեդ Իպրահիմ Ռայիսիին՝ Նովրուզի առիթով:

«Ամենայն ջերմութեամբ կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Իրանի ժողովուրդը բնութեան զարթօնքի եւ ծաղկման տօնին՝ Նովրուզի առիթով։ Կը մաղթեմ, որ նոր տարին դրացի եւ բարեկամ Իրանի համար նշանաւորուի անխախտ խաղաղութեամբ եւ նորանոր ձեռքբերումներով»,– ի միջի այլոց, նշուած է Փաշինեանի ուղերձին մէջ։ ■