Մայիս 2-ին, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան ընդունած է Լիոնէն Հայաստան ժամանած աւելի քան տասնեակ մը գործարարներու պատուիրակութիւն մը:
Ֆրանսացի գործարարները հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու ծրագրերով։
Նախարարը ներկայացուցած է Հայաստանի ներդրումային քաղաքականութիւնը, ներդրումները խթանող օրէնսդրական դաշտը եւ գործարարներուն աջակցելու համար առկայ գործիքակազմերը. “Հայաստան կ’ընթանայ տնտեսական բազմազանութեան եւ քանի մը ռազմավարական ոլորտներու զարգացման ուղիով: Մեր հիմնական առաջնահերթութիւններէն մէկն է օտար երկիրներու ներդրումները խթանել՝ ստեղծելով աւելի բարենպաստ, ճկուն եւ կանխատեսելի գործարար միջավայր մը: Մենք հետաքրքրուած ենք սերտ համագործակցութեամբ, յատկապէս մեր ֆրանսացի գործընկերներուն հետ եւ պատրաստ ենք քննարկելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ներդրումային նախագիծերուն առնչուող հարցերը”,– գործարարներուն հետ հանդիպումին նշած է Պապոյեան:
Պատուիրակութեան այցը կազմակերպուած է ֆրանքեւհայկական Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի (CCIFA) նախաձեռնութեամբ:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։