Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Խմբավար Սերգէյ Սմբատեան բանտարկուած է

Հայաստանի պետական սեմֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար, Մալթայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեան եւ անոր հայրը՝ Իսրայէլի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Արմէն Սմբատեան ձերբակալուած են։ Դատարանը 2 ամիս բանտարկութեան դատապարտած է Սերգէյ Սմբատեանը։

Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութենէն յայտնած են, որ քրէական հետաքննութեամբ պարզուած է, որ նախկին դեսպան Արմէն Սմբատեանն ու անոր որդին՝ խմբավար Սերգէյ Սմբատեան, ինչպէս նաեւ  գործարար Արմէն Պետրոսեան 2012-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ներկայացուցած են 800 միլիոն դրամ արժողութեամբ «Գիրքի աշխարհ» բազմաֆունկցիոնալ համալիր կառուցելու կեղծ ներդրումային ծրագիր մը եւ խարդախութեամբ յափշտակած են «Երեւանի Պ. Չայկովսկու անուան միջնակարգ երաժշտական դպրոց» պետական ոչ-առեւտրային կազմակերպութեան՝ օգտագործման իրաւունքով անհատոյց տրամադրուած, Երեւանի Կողբացի 36 հասցէին գտնուող հողամասի 300 քառ. մ. մակերեսով, 166 միլիոն 103 հազար դրամ արժողութեամբ հողամասը:

Աւելցնենք, թէ Արմէն Սմբատեան նոյնպէս՝ դատապարտուած է երկու ամիս բանտարկութեան։ Գործարար Արմէն Պետրոսեան եւս ձերբակալուած է։ 

Իսկ Մշակոյթի նախկին նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, որ այս գործին առնչութեամբ մեղադրեալի կարգավիճակ ունի, կը գտնուի հետախուզման մէջ։