Բանաստեղծութեան միջազգային օրը՝ Մարտ 21-ին, Հայաստանի Գրողներու միութեան յարկին տակ համախմբուած են բանաստեղծներ, արձակագիրներ, դերասաններ, ասմունքողներ, որոնք բանաստեղծութեան տօնը նուիրած են մեծանուն գրող Աւետիք Իսահակեանի 150-ամեակին՝ ընթերցելով անոր ստեղծագործութիւնները, յիշելով անուանի քնարերգակին առնչուող յուշեր։
Միութեան նախագահ Էտուարտ Միլիտոնեանի խօսքով՝ բանաստեղծութիւնը հազարամեայ պատմութիւն ունի եւ մեր ժամանակակից բանաստեղծութիւնը աշխարհին կը ներկայանայ արժէքաւոր նմուշներով։
“Աւանդութեան համաձայն՝ Բանաստեղծութեան տօնը նուիրում ենք այն հեղինակներին, որոնց համար տարին յոբելինական է։ Երեք տարի առաջ նուիրուած էր Չարենցին, նախորդ տարի՝ Սեւակին, այս տարի՝ Իսահակեանին։ Այս շէնքում ենք միջոցառումը անցկացնում, քանի որ շէնքի կառուցմանը Իսահակեանը մեծ նպաստ է բերել ու հէնց այս շէնքում նախագահել է Միութեան։ Նա հսկայական դեր է ունեցել մեր գրականութեան զարգացման մէջ։ Իսահակեանի ստեղծագործութիւնների հիման վրայ Ռախմանինովը եւ այլ երաժիշտներ հարիւրաւոր երգեր են ստեղծել եւ ամէն օր այդ երգերը ժողովրդի ականջներում են”,– յայտնած է ան։
Խօսելով Իսահակեանի մասին՝ բանաստեղծ Հենրիկ Էդոյեան ըսած է, թէ ինք 15 տարեկանին հանդիպած է գրողին։
“Իսահակեանի 80-ամեակն էր, եւ մեր խելքին փչեց գնալ նրա տուն։ Երեխայի համարձակութիւն էր, հիմա նման բան չէի անի։ Դուռը ծեծեցինք, նա բացեց։ Այդ պահին չիմացանք, թէ ինչ է պէտք անել, մոռացանք, թէ ի՛նչ պէտք է ասէինք։ Մի պատմութիւն կայ, որ Հայնէն գնում է Գէօթէի մօտ, որին աստուածացնում էր, եւ ճանապարհին մտածում է, թէ ինչեր պէտք է ասի նրան, բայց, երբ հանդիպում են, ասում է. «Պարոն Գէօթէ, ճանապարհին այնքան ճագարներ տեսայ»։ Մենք նոյն վիճակում էինք, որովհետեւ Իսահակեանին տեսնելուց յետոյ ամէն բան մոռացանք։ Ի հարկէ, նա մեզ ներս հրաւիրեց, հարցեր տուեց”,– պատմած է Էդոյեան եւ աւելցուցած, թէ՝ յաճախ փողոցը տեսած է ձեռնափայտով քալող Իսահակեանը, որուն մարդիկ կը հետեւէին։
Ելոյթներ ունեցած են նաեւ Յակոբ Մովսէս, Լեւոն Բլբուլեան, բանաստեղծուհիներ Զարինէ Սարաճեան, Անոյշ Վարդանեան, Գոհար Գալստեան, Սոնա Համբարձումեան, Հերմինէ Նաւասարդեան եւ Սաթենիկ Ղազարեան, որոնք անդրադարձած են Աւետիք Իսահակեանի, անոր գործունէութեան, գրականութեան, հայ գրականութեան մէջ ունեցած մեծ դերին, համաշխարհային գրականութեան հետ առնչութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոր ստեղծագործութիւններու թարգմանութեան:
Հանդիսութեան ընթացքին Գրողներու միութեան կից «Սուրէն Քոչարեան» բանաստեղծութեան եւ ասմունքի թատրոնի դերասաններ Սամուէլ Բաղինեան եւ Ռուզաննա Հախնազարեան կարդացած են Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութիւններէն հատուածներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։