Յունիս 21-ին, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուած է «Շնչող էջեր» առժամեայ ցուցադրութեան, որ նուիրուած է 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ գծագրութեան նշանաւոր վարպետներէն մէկուն՝ Հենրիկ Մամեանի (1934 – 2014) ծննդեան 90-ամեակին։
Ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ Մամեանի գծագրական ժառանգութեան ամէնէն ուշագրաւ նմուշները՝ գիրքերու նկարազարդումներ, գծանկարներ, ինչպէս նաեւ կրօնական նիւթերով կոթողական գործեր՝ հաւաքագրուած Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի եւ ընտանիքի անհատական հաւաքածոներէն։
Բազմաշերտ ու խորաթափանց, զուսպ ու միեւնոյն ժամանակ զգացական՝ Մամեանի արուեստը կը դիտուի ո՛չ միայն որպէս պատկերազարդման արուեստ, այլեւ՝ իբրեւ գաղափարի, ոճի եւ ժամանակի ինքնատիպ արձանագրութիւն։
Ցուցահանդէսը համադրողն է Մարգարիտա Խաչատրեան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։