Մարտ 12-ին, Նետերլանտներու Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Գասբար Վելտգամփ պաշտօնական այցով ժամանած է Հայաստան։
Հայաստանի ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան նախ գլուխ-գլխի տեսակցութիւն ունեցած է նետերլանտցի իր պաշտօնակցին հետ, որուն յաջորդած է նախարարներու ընդլայնուած կազմով նիստը: Կողմերը քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմ, տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթի նիւթեր:
Այնուհետեւ նախարարները ստորագրած են երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին փաստաթուղթ մը, որուն հետեւած է միացեալ մամլոյ ասուլիս մը։
Նոյն օրը տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ Նետերլանտներու դեսպանատան պաշտօնական բացման արարողութիւնը։
Այս առթիւ իր ելոյթին Արարատ Միրզոյեան նշած է.
“Պէտք է արձանագրենք, որ մենք այսօր հպարտ ըլլալու արդէն երեք առիթ ունինք. առաջինը, անշուշտ, իմ սիրելի գործընկերոջ այցն է, երկրորդը՝ հնարաւորութիւնը, որ մենք ունեցանք ստորագրելու մեր երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան փաստաթուղթը, եւ երրորդը՝ այս հրաշալի առիթը՝ վերջապէս միասին մասնակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Նետերլանտներու թագաւորութեան դեսպանութեան բացման:
Կ՚ուզեմ, որ արձանագրենք եւ գիտակցինք. Դեսպանատան բացումը, ինչպէս նաեւ, օրինակ, ռազմավարական փաստաթուղթի ստորագրումը վկայութիւններն են այն ընկերութեան, բարեկամութեան եւ գործընկերութեան, որոնք գոյութիւն ունին մեր երկու երկիրներուն միջեւ, զորս կը պատրաստուինք առաւել զարգացնելու”։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։