Ապրիլ 2-ին, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը ներգրաւող տգեղ միջադէպ մը պատահած է Երեւանի կեդրոնը։
ՀՅԴ-ական Կարէն Մկրտչեան, Կիրակի օր Կասկադ գացած է իր երախաներուն հետ նախաճաշի։ Տեսնելով որ Ալէն Սիմոնեանն ալ հոն կը ժամանէ, անոր պոռացած է «դաւաճան»։
Մկրտչեանի վկայութեամբ՝ իր այս կեցուածքին որպէս հակազդեցութիւն՝ Պետական պահպանութեան ծառայութեան (ՊՊԾ) երկու ոստիկան զինք բռնած են ձեռքերէն, մինչ Սիմոնեան ալ իրեն մօտելով ըսած է՝ “դաւաճանը մամադ է” ու թքած է երեսին։ Այնուհետեւ զինք պառկեցուցած են գետին, ապա տարած են ոստիկանատուն։
Ենթական, միջադէպի ընթացքին թեթեւօրէն վիրաւորուած է աչքէն։
Կարէն Մկրտչեան News.am-ին՝ պատահածին մասին զեկուցելով ըսած է, թէ միջադէպին ոչ մէկ քաղաքացի միջամտած է ու աւելցուցած. “Երբ իշխանութիւնը տեսնում է, որ իր քաղաքացիները կամակատար են ընդունում անիրաւութիւնները, նրանք շարունակում են այդպէս: Ինձ համար ցաւալի է, որ Ազգային ժողովի նախագահը նման վարուելակերպ ունի քաղաքացիների նկատմամբ”:
Ան նաեւ զարմանք յայտնած է, որ Ալէն Սիմոնեանի փոխարէն զինք ոստիկանատուն տարած են։ “Մենք գործ ունենք անօրինութեան հետ ու օրէնքը կիրառւում է ընտրողաբար: Սա փաստ է, որ մեր երկիրն անդունդն է գլորւում: Ժողովրդավարութիւն կամ օրինականութիւն, դրանք ընդամէնը շղարշ են”,– ըսած է Մկրտչեան։