ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Ֆրանսախօսութեան շրջանակին մէջ՝ Չարենցի նուիրուած ձեռնարկ

Ֆրանսախօ­սու­թեան զար­գացման նո­ւիրո­ւած ձեռ­նարկնե­րու շրջա­նակէն ներս, Մարտ 31-ին, Եղի­շէ Չա­րեն­ցի տուն-թան­գա­րանին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է «Չա­րեն­ցը՝ ֆրան­սա­խօս երկիրներու լե­զու­նե­րով» խորագրեալ հան­դէ­սը։

Այս առ­թիւ, Չա­րեն­ցի բանաս­տեղծու­թիւննե­րը ներկա­յացո­ւած են 9 լե­զու­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի «Անա­թոլ Ֆրանս» ֆրան­սա­կան երկրոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի աշա­կերտնե­րը հան­դէս եկած են հա­մեր­գով, Տուն-թան­գարանին նո­ւիրո­ւած է Չա­րեն­ցի «Ծիածան» բա­նաս­տեղ­ծութիւններու ժողովածուին ֆրանսերէն թարգ­մանութիւնը։ ■