Մայիս 5-ին, Երեւանի եւ Մարսիլիոյ միջեւ գործակցութեան նոր էջ մը բանալով՝ Տիգրան Աւինեան եւ Պընուա Փայան ստորագրեցին զուգորդութեան վերաբերող հռչակագիրը։
Սոյն հռչակագրով կողմերը կ՚ամրապնդեն աւելի քան 30 տարիներու՝ փոխադարձ յարգանքի, պատմական յիշողութեան եւ զարգացման նկատմամբ ընդհանուր պատկերացման վրայ հիմնուած գործընկերութիւնը, սահմանելով ընդհանուր նպատակներ։
“Մեր քաղաքները նոյն մարտահրաւէրները կը դիմագրաւեն։ Թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Մարսիլիոյ մէջ մենք կը ձգտինք կառուցել արդիւնաւէտ եւ համերաշխ միջավայր մը։ Համոզուած եմ, որ ստորագրուած հռչակագիրը հիմք պիտի դառնայ այնպիսի ծրագրի մը, որ պիտի հանդիսանայ փոխշահաւէտ ծրագրերու հարթակ”,– այս առթիւ յայտարարեց Երեւանի քաղաքապետը։
Նոյն օրը, Մարսիլիոյ քաղաքապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Վերջինս ողջունելով Պընուա Փայանի Հայաստան այցելութիւնը, ընդգծեց Ֆրանսայի հետ բազմակողմ յարաբերութիւններու զարգացումը, ներառեալ՝ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ձեւաչափով: Փաշինեան բարձր գնահատեց Հայաստանի հետ կապերը խորացնելու Մարսիլիոյ քաղաքապետին ջանքերը:
Իր կարգին Պընուա Փայան նշեց, թէ իրեն համար կարեւոր է բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։