Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ – Ժան-Նոէլ Պառօ. «Ֆրանսա կը շարունակէ մնալ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներու, նաև Հայաստանի կողքին»

Գորիսի մէջ պիտի ստեղծուի Ֆրանսայի հիւպատոսական գործակալութիւն

Մայիս 26-ին, պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Ժան-Նոէլ Պառօ։ Ան նախ գլուխ-գլխի հանդիպում ունեցած է իր պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ, այնուհետեւ տեղի ունեցած է ընդլայնուած կազմով նիստ՝ երկու երկիրներու նախարարներու գլխաւորած պատուիրակութեանց միջեւ։

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ համաձայնագրեր ստորագրուած են

Նոյն օրը, երկու երկիրներու ԱԳ նախարարները ստորագրած են «Մտադրութիւններու մասին» հռչակագիր մը, ըստ որուն կը նախատեսուի մասնաւորապէս երկու երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններու միջեւ տարեկան քաղաքական խորհրդակցութիւններու իրականացումը, համագործակցութիւն՝ ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարին մէջ եւ դիւանագէտներու վերապատրաստում:

Միրզոյեանի եւ Պառոյի ներկայութեան Enterprise Armenia ներդրումներու աջակցութեան հիմնադրամի տնօրէնի պաշտօնակատար Գոհար Գալեան եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի՝ Business France-ի անունով, ստորագրած են Enterprise Armenia հիմնադրամի եւ Business France ֆրանսական ընկերութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր մը:

Միացեալ մամլոյ ասուլիսը

Նախարարներու մասնակցութեամբ կայացած միացեալ մամլոյ ասուլիսին Ժան-Նոէլ Պառօ յայտարարած է, թէ «Ֆրանսա կը շարունակէ մնալ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներու, նաեւ Հայաստանի կողքին»,– աւելցնելով, թէ Գորիսի մէջ պիտի ստեղծուի Ֆրանսայի հիւպատոսական գործակալութիւն մը։

“Հարկ կը համարեմ ընդգծել մեր համագործակցութիւնը պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ՝ թէ՛ մասնագէտներու վերապատրաստութեան, թէ՛ զինամթերք տրամադրելու առնչութեամբ։ Այս ամէնուն նպատակն է Հայաստանին հնարաւորութիւն ընձեռել ապահովելու երկրի պաշտպանութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը”,– նշած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը: