ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ – Կապանի մէջ բացումը կատարուած է «Սէն թ՚Էթիէն» ֆրանսախօսութեան կեդրոնին

Մարտ 3-ին, Կապանի համայնքապետ Գէորգ Փարսեանի նախաձեռնութեամբ պաշտօնապէս իր դռները բացած է «Սէն թ՚Էթիէն» ֆրանսախօսութեան կեդրոնը, որ կը համարուի Կապան-Սէն թ՚Էթիէն քաղաքներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատման առաջին գործնական քայլը:

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են պաշտօնական այցով Կապան գտնուող Սէն թ՚Էթիէնի քաղաքապետ Կաէլ Փերտրիոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Ազգային ժողովի երեսփոխաններ, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:

“Մեզի՝ հայերուս համար Ֆրանսան, ի հարկէ, երկիր մըն է, որու հանդէպ մենք առանձնայատուկ ջերմ զգացումներ ունինք: Ինչպէս արդէն բազմիցս նշուած է, հայերը ֆրանսացիներու հետ կապուած են պատմութեան խորքէն եկող բարեկամութեամբ, որ հիմնուած է համընդհանուր արժէքներու, փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ: Այսօր ուրախութեամբ կ՚արձանագրեմ, որ այդ յարաբերութիւնները չեն սահմանափակուած միայն պետական մակարդակով, այլ դրսեւորուած են նաեւ մեր համայնքներու միջեւ համագործակցութեամբ, որ մեզի համար չափազանց արժէքաւոր է”,– իր ելոյթին յայտնած է Գէորգ Փարսեան:

Յատկապէս ընդգծելով Կեդրոնի կարեւորութիւնը, համայնքի ղեկավարը վստահութիւն յայտնած է, որ ան իր գործունէութեամբ խթան պիտի հանդիսանայ ֆրանսերէն լեզուի ուսուցման ու տարածման եւ կապանցի երեխաները, երիտասարդներն ու մեծահասակ ընթերցողները կարելիութիւն պիտի ունենան հաղորդակից դառնալու ֆրանսական հարուստ գրականութեան եւ բարձրաճաշակ մշակոյթին:

Շնորհաւորական խօսքով դիմելով ներկաներուն՝ Սէն թ՚Էթիէնի քաղաքապետը յատկապէս նշած է. “Թող այս կեդրոնը դառնայ նոր կարելիութիւններու, շփումներու եւ յառաջընթացի վայր մը: Թող ան ըլլայ մեր բարեկամութեան արտայայտութիւնը, մեր պատմութիւնները եւ մեր ապագան կապող կամուրջ մը”:

Ֆրանսերէն երգով ու ասմունքով հիւրերը ողջունած են նաեւ Ձագիկաւանի երկրորդական վարժարանի աշակերտները՝ ուսուցչուհի Արփինէ Զեյնալեանի ղեկավարութեամբ: Այնուհետեւ հիւրերը շրջած են կեդրոնին մէջ եւ ծանօթացած ստեղծուած պայմաններուն եւ մատուցուող ծառայութիւններուն:

Այս նշանակալի օրը սկիզբ դրուած է մէկ այլ համագործակցութեան եւս՝ Կապանի «Ակումբագրադարանային միաւորում»-ի (Կապանի 11 գրադարաններու միաւորումով ստեղծուած կազմակերպութիւն) եւ Սէն թ՚Էթիէնի «Alliance Franco-Armenienne de la Loire» ընկերակցութեան միջեւ, որ ամրագրուած է յուշագրի ստորագրումով: