Ֆրանսայի 122-ամեայ «Կոնքուռ»-ի մրցանակաբաշխութիւնը Փարիզին զուգահեռ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուած է նաեւ Երեւանի մէջ։
Հայաստանի Պետական համալսարանի, ֆրանսական համալսարանի եւ Պրիւսովի լեզուաբանութեան համալսարանի՝ ֆրանսերէնին տիրապետող 30 ուսանողներու ընտրութեամբ մրցանակը շահած է Կաէլ Ֆայի «Ժաքարանտա» վէպը՝ ներկայացուած ութ գիրքերու ընդմէջէն։
Մրցանակակիր վէպը կը պատմէ Ռուանտայի ցեղասպանութեան մասին: Հեղինակը կը ներկայացնէ ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետեւանքները՝ ընտանիքի մը օրինակով։
Newmag հրատարակչատունը յառաջիկայ աշնան լոյս կ՚ընծայէ գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։