Յունիս 2–3, Հայաստան-Ֆրանսա 5-րդ ապակեդրոնացուած գործակցութեան Համաժողովը տեղի կ՚ունենայ Գորիսի «Վ. Վաղարշեան» պետական թատրոնի դահլիճին մէջ։
Գորիս քաղաքը ընտրուեցաւ 5-րդ համաժողովի վայր՝ նկատի ունենալով Սիւնիքի մարզի ռազմավարական կարեւորութիւնը եւ Սիւնիքի ու Օվեռնյը-Ռոն-Ալփի շրջանին միջեւ գոյութիւն ունեցող ընդգրկուն եւ օրինակելի գործակցութիւնը։
Այս առթիւ Ֆրանսայէն Հայաստան ժամանող հիւրերուն մաս կը կազմեն քաղաքապետեր, մարզային պատուիրակութիւններ եւ խորհրդարանականներ, Ազգային Ժողովի եւ Ծերակոյտի Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամութեան խումբերուն նախագահները՝ Լոռան Վոքիէ եւ Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազ, ինչպէս նաեւ Օվեռնյը-Ռոն-Ալփի շրջանի նախագահը՝ Ֆապրիս Փանքուք։
Հայաստանի Արտաքին գործոց, Տնտեսութեան, Բարձրագոյն կրթութեան, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւններուն ներկայացուցիչները, Երեւանի քաղաքապետութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ մարզային ու տեղական հիւրեր պիտի մասնակցին այս համաժողովին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։