ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ – Սէն թ՚Էթիէնի քաղաքապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ

Մարտ 1-ին, Սէն թ՚Էթիէնի քաղաքապետ Կաէլ Փերտրիոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ Կապանի փոխքաղաքապետ Կոռ Թադէոսեանի ուղեկցութեամբ:

Պատուիրակութեան մաս կազմած են Սէն թ՚Էթիէնի հայկական ընկերակցութեան նախագահ Վրէժ Խոսրովեան, Սէն թ՚Էթիէնի քաղաքապետի խորհրդական, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածի շառաւիղ Ժան-Փիէր Քոչեան եւ այլ անձնաւորութիւններ:

Հիւրերը դիմաւորած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի (ՀՑԹՀ) տնօրէնուհի Էտիտա Գզոյեան եւ անոնց ուղեկցած դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ ներկայացնելով կոթողին ստեղծման պատմութիւնը:

Քաղաքապետ Փերտրիօ ծաղկեպսակ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամները անմար կրակին մօտ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը:

Ֆրանսայէն ժամանած հիւրերը շրջած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ եւ ծանօթացած մնայուն եւ առժամեայ ցուցադրութիւններուն, որմէ ետք Սէն թ՚Էթիէնի քաղաքապետը եւ անոր խորհրդականը իրենց տպաւորութիւնները արձանագրած են պատուոյ հիւրերու ոսկեմատեանին մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար՝ ՀՑԹՀ-ի տնօրէնուհին ֆրանսացի պատուիրակներուն նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող գիրքեր: Ժան-Փիէր Քոչեան ալ իր կարգին Թանգարանին յանձնած է իր ստեղծագործած «Սատանայի գործը» (« L’œuvre du diable ») կտաւը: