Ռումբերու պայթումները կ՚որոտան Միջին Արեւելքի մէջ՝ տարածաշրջանային ու նոյնիսկ համաշխարհային պատերազմի բռնկման սպառնալիք ստեղծելով։ Իսրայէլ-Իրան գոյամարտը ուղղակի կը խառնէ տեղական ուժերու բարդ աշխարհագրութիւնը։ Իսկ Հայաստանէն դիտուած՝ Իրանը կենսական տնտեսական գործընկեր է եւ հիմնական ճանապարհ դէպի հարաւ, դէպի Հնդկաստան, Չինաստան եւ Ծոցի երկիրներ։
Իրան նաեւ կայունացնող գործօն է մանաւանդ Ազերպայճանի ռազմատենչ ծրագրերուն դէմ։ Ուստի, տարածաշրջանային պատերազմի մը բռնկումը պիտի ունենայ անվտանգային, տնտեսական, ռազմավարական, զինուորական, բնապահական եւ այլ ծանրակշիռ հետեւանքներ։
Ամենամեծ վտանգը կը մնայ բնապահական եւ առողջապահական աղէտը՝ որ տեղի կ՚ունենայ եթէ Իրանի ուրանիումի հարստացման գործատուները ռմբակոծութեան ենթարկուին, հիւլէական ճառագայթներու շողարձակումի վտանգին պատճառով։ Միջազգային իրաւունքով արգիլուած պատերազմական գործողութիւն է նման յարձակում, սակայն Իրանի դէմ Իսրայէլի միակողմանի պատերազմ հռչակելուն գլխաւոր նպատակն էր սա, զոր ան չի կրնար իրականացնել առանց իր դաշնակից ու պաշտպան՝ Միացեալ Նահանգներու օգնութեան ու միջամտութեան։
Ընկերային ցանցերու վրայ շրջող կարգ մը լուրերու համաձայն՝ Իրանի դէմ անօդաչու սարքեր արձակուած են Ազերպայճանէն, որ Իսրայէլի ռազմավարական դաշնակիցն է եւ ուր վերջինս ունի զինուորական ու ելեկտրոնային վերահսկողութեան կայաններ։ Եթէ այդ լուրերը ճիշդ են, Հայաստանի սահմաններու անվտանգութիւնը եւ պետականութեան կայունութիւնը կրնան տուժել Իրանի հակայարձակման պարագային։ Ազերպայճան կրնայ օգտագործել պատերազմական իրավիճակը եւ ժամանակը պատեհ դատելով գրաւել Հայաստանի հարաւը՝ Սիւնիքը, իրականացնելու համար Նախիջեւանին միանալու իր երազանքը։
Հայաստանի համար, Իրանի սահմանը կենսական է Հնդկաստանէն գնուած զինամթերքի փոխադրութեան համար։ Չինաստանի, Ծոցի երկիրներուն հետ առեւտրական գործունէութիւն ծաւալելու կենսական ուղի է։ Իրանի եւ Հայաստանի մտադրութիւնը միասնաբար տարեկան 3 միլիառ եւրոյի տնտեսական շրջանառութեան հասնիլն է։
Տարածաշրջանային անկայունութիւնը ուղղակի կը սպառնայ Հայաստանի կենսական շահերուն. կ՚առաջնորդէ հաղորդակցութեան ուղիներու խափանման եւ երկրի կառավարութեան ինքնիշխանութեան կորուստին. ուժանիւթի իրանական աղբիւրէն զրկուիլ կը նշանակէ ստիպուած ապաւինիլ միայն ռուսական կազին ու քարիւղին, ինչ որ աւելի՛ կախեալ կը դարձնէ Ռուսաստանէն։
Տարածաշրջանային անկայունութիւնը կը վտանգէ նաեւ 2020-ի պատերազմէն ետք Երեւանի մշակած նոր ռազմավարութիւնը որ կը միտի Արեւմուտքի, Իրանի, Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ աշխարհի մնացեալ երկիրներուն հետ հաւասարակշռեալ գործընկերութիւն հաստատել ու ազատ տնտեսական դաշինքներ կնքել, ապահովելու համար կայուն տնտեսական աճ, որուն գլխաւոր շարժիչն է արհեստագիտութեան, տեղեկատւութեան, թուային գիտութեան, արհեստական բանականութեան զարգացումը։ Միայն կայուն եւ բարգաւաճ Հայաստանը կրնայ ի վիճակի ըլլալ դիմակայելու աշխարհաքաղաքական ցնցումներուն՝ ռազմավարական գործընկերութիւններու բազմացման ու բազմազանացման շնորհիւ։
Իսրայէլ-Իրան պատերազմը ցոյց կու տայ արդիական աշխարհին մէջ նորարարութեան, նորարար արհեստագիտութեան, արհեստական բանականութեան գործածութեան հետզհետէ աւելի մեծ կարեւորութիւնը, թէ՛ պատերազմ մղելու, թէ՛ ալ նոր զինատեսակներ արտադրելու առումով։ Արդարեւ, Հայաստան յայտարարեց շատ կարեւոր համաձայնութիւն մը՝ արհեստական բանականութեան «Firebird» ամպային ընկերութեան եւ NVIDIA-ի աջակցութեամբ՝ 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ արհեստական բանականութեան գործատան մը կառուցման մասին, որ կը հանդիսանայ տարածաշրջանի ամենամեծ նորարարական ճարտարագիտական նախագիծը։
Պէտք է ըսել որ Իսրայէլ-Իրան բախումը ուղղակի կը սպառնայ նաեւ սփիւռքին։ Իրանի եւ Իսրայէլի հայկական համայնքներու անդամները ինչպէս նաեւ անոնց անձնական ու համայնքային ունեցուածքները մշտապէս վտանգի ենթակայ են։
Ժ.Չ. ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։