Սուրբ պիտի հռչակուի 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած Երանելի Ինգնատիոս Շուքրալլահ Մալոյեան՝ Մարտինի Հայ կաթողիկէներու երբեմնի առաջնորդը։
Եկեղեցին պիտի ունենայ երեք նոր սուրբեր, մէկ երանելի ու մէկ նոր Աստուծոյ ծառայ։ Փրանկիսկոս պապը Մարտ 28-ին վաւերացուց անոնց սրբադասման ու երանացման դատի գործընթացները։
Շուքրալլահ Մալոյեան ծնած է 1869-ին, Մարտին, այսօրուան Թուրքիոյ մէջ։ Մանկութենէն Ան ցոյց կու տայ աղօթքին նկատմամբ իր սէրը։ 1883-ին մուտք կը գործէ Զմմառու վանք` Լիբանան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական կղերի միաբանութիւն։ Քահանայ կը ձեռնադրուի 1896-ին ստանալով Իգնատիոս անունը։ Կ՚ուղարկուի նախ Աղեքսանդրիա, ուր կը փայլի իր քարոզներով, թէ՛ արաբերէն թէ՛ թրքական լեզուներով, ապա կը նուիրուի հովուական առաքելութեան եւ սուրբ գրութիւններու ուսումնասիրութեան։ Ան ապա կը նշանակուի Գահիրէի Պատրիարքական փոխանորդ բայց յաջորդ տարի կը վերադառնայ Աղեքսանդրիա տեսողութեան հարցերու պատճառաւ։ Պօղոս Պետրոս ԺԲ. Սապպաղեան կաթողիկոս-պատրիարքը զինք կը կոչէ Կ. Պոլիս, որպէս իր անձնական քարտուղար, բայց ան 1904-ին դարձեալ կը վերադառնայ Աղեքսանդրիա շարունակելու իր տեսողութեան դարմանումները ու նաեւ իր առաքելութիւնը։
Վեց տարի ետք կը նշանակուի Մարտինի Պատրիարքական փոխանորդ` եւ 1911-ին Հռոմի մէջ կը մասնակցի Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու սինոդոսին, որ տեղի կ՚ունենայ Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանէն ներս, որուն ընթացքին կը քննարկուին Օսմանեան կայսրութեան մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակը Երիտասարդ թուրքերուն իշխանութեան գլուխ անցնելու հետեւանքով։ Այդ սինոդոսի ընթացքին Ան կ՚ընտրուի Մարտինի արքեպիսկոպոս եւ իր թեմը մեկնելով կը սկսի իր առաքելութիւնը յատկապէս զբաղելով կղերական դասին կազմաւորմամբ։
Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ մէջ կը սկսին բռնի զինուորագրումները ու մանաւանդ քրիստոնեաներու դէմ ու յատկապէս հայերու դէմ հալածանքներն ու խոշտանգումները։ Մալոյեան արքեպիսկոպոս կը ջանայ լեզու գտնել իշխանութիւններուն հետ բայց եկեղեցիներուն դէմ սպառնալիքներն ու յարձակումները կը շարունակուին եւ բոլորն ալ խուզարկումներու կ՚ենթարկուին։
1915 Յունիս 3-ին, Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին օրը, Մալոյեան կը ձերբակալուի 13 քահանաներու եւ 600 հաւատացեալներու հետ։ Մերժելով ուրանալ իր հաւատքը կը սպանուի 1915 Յունիս 11-ին։
Իգնատիոս Մալոյեան երանելի հռչկուեցւաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի օրով 2001 Հոկտեմբեր 7-ին, Հայաստանի քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով եւ անոր նահատակութեան մասին տեղեկացաւ համայն աշխարհ։
Անոր խօսքերը, անոր ուսուցումները ու մասնաւորապէս անոր սէրն ու զինք հալածողներուն նկատմամբ ներումը համայն եկեղեցւոյ համար վաւեր եւ թանկ օրինակ են. ապրիլ Աւետարանին նկատմամբ հաւատարմութեամբ նոյնիսկ ամէնէն դժուար պահերուն. այդ իսկ պատճառով, գիտակցելով այս վկայութեան արդիականութեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ Մինասեան խնդրած է զայն դասել սուրբերու շարքին, անկախ անոր գործած հրաշքներէն, եւ ահա այս դիմումի բերումով է որ Փրանկիսկոս պապը արտօնեց անոր սրբադասումը։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։