Ապրիլ 23-ին, Փարիզի 9-րդ թաղը գտնուող փոքրիկ հրապարակին վրայ, որ անուանուած է «Յառաջ» օրաթերթի հիմնադիր-խմբագիր Շաւարշ Միսաքեանի եւ անոր աղջկան՝ նոյն օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արփիկ Միսաքեանի անունով, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւն մը։
Ելոյթներով հանդէս եկան եւ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն ծաղկեպսակներ զետեղեցին Փարիզի 9-րդի քաղաքապետ Տելֆին Պիւրքլի, Հայաստանի դեսպանութեան երրորդ քարտուղար Շիրազ Յովակիմեան եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեան։
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Փարիզի քաղաքային խորհուրդի անդամ Ալեքսի Կէօվճեան, հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։