Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Հայրենադարձներու համարկման կեդրոն»-ը ամբողջովին պատրաստ է 

Հայաստանի մէջ շուտով իր դռները կը բանայ «Հայրենադարձներու համարկման կեդրոն»-ը, որ կը հիմնուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ: Ան կը հաստատուի Երեւանի սրտին վրայ՝ Հանրապետութեան 37 հասցէին: «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին «Հայրենադարձներու համարկման կեդրոն»-ի ստեղծման ծրագրի համակարգող Մարգարիտա Բաղդասարեան տեղեկացուցած է, որ յատկացուած համապատասխան տարածքին շինարարական աշխատանքները արդէն կը մօտենան իրենց աւարտին:

Բաղդասարեան նշած է, թէ իրենց գլխաւոր գործընկերն է «Հրայր եւ Աննա Յովնանեան» հիմնադրամը, որ գանձատրած է ամբողջ յարդարման եւ վերանորոգման աշխատանքները: Ան յոյս յայտնած է, որ Կեդրոնը կը բացուի գարնան վերջաւորութեան:

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը նպատակ ունի բարձրացնել հայրենադարձներու հետ աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը. սպասարկել՝ մէկ կեդրոնէ, աւելի շատ ծառայութեան հասանելիութիւն ապահովել սփիւռքահայերուն:

“Մեր նպատակն է՝ այնպէս անել, որ հայրենադարձները արագ ու հեշտութեամբ մամարկուեն Հայաստանում: Բուն մեր աշխատանքը լինելու է այն, որ հայրենադարձութեամբ հետաքրքրուող, նաեւ՝ արդէն Հայաստան տեղափոխուած մեր հայրենակիցներին օգնենք, աջակցութիւն տրամադրենք, խորհրդատւութիւն տրամադրենք մէկ տեղից: Չէ՞ որ նրանք իրազեկուած չեն, միւս կողմից էլ՝ որոշ տեղերում բիւրոկրատական (դիւանակալական) հարցեր են լինում: Ահա այս կենտրոնը կը լինի նրանց կողքին”,– շեշտած է Մարգարիտա Բաղդասարեան: