Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ խոտոր ծառայութիւնները

Թալինի (էսթոնիա) Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեց­ւոյ մէջ, Պալ­թեան եր­կիրնե­րու թե­մակալ առաջ­նորդ Վազ­գէն արք. Միր­զա­խանեանի՝ ՀՀ վար­չա­պետ Փա­շինեանի վերապահած հո­գեմե­ծար ըն­դունե­լու­թիւնը ար­ժա­նացած է Մայր Աթո­ռի գա­հակա­լին սուր հա­կազ­դե­ցու­թեան։ Իսկ ի՞նչ է գոր­ծած մեղ­քը։ «Մեր աղօթքն է որ, պա­րոն վար­չա­պետ, Ձեր այն ծրագ­րե­րը, որ ու­նէք խա­ղաղու­թեան եւ մեր Հա­յաս­տա­նի հարեւան­նե­րի հետ հաշ­տութեան, լի­նի յա­ջողու­թեամբ…» յայ­տա­րարու­թիւնը։ Մայր Աթո­ռը դա­տապար­տած է իր բարձրաս­տի­ճան հո­գեւո­րակա­նին՝ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան ղե­կավա­րին խա­ղաղու­թեան ծրա­գրին յա­ջողու­թիւն մաղ­թե­լու այդ կեցուածքը։

Թե­րեւս 2020-ի պա­տերազ­մէն ի վեր, առա­ջին ան­գամն է որ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ բարձրաս­տի­ճան հո­գեւո­րական մը կը յանդգնի յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան քա­ղաքա­կան ու­ղե­գի­ծին։ Սրբա­զանը աւել­ցուցած է նաեւ՝ «Մեր աղօթքն է, որ որ­պէս եւ­րո­պական երկրնե­րի հա­ւատա­ցեալ­ներ, քա­ղաքա­ցիներ եւ առաջ­նորդ՝ մեր եր­կի­րը դէ­պի Եւ­րո­միու­թիւն իր քայ­լերն անի»։ Իբր, ԵՄ-ի ան­դամ Էս­թո­նիոյ հայ հա­մայան­քա­պետ՝ Սրբա­զանի կե­ցուած­քը շատ բնա­կան է, սա­կայն ան բնաւ հաշտ չէ Գա­րեգին Բ.-ի ռու­սա­մէտ քա­ղաքա­կան դիր­քո­րոշումնե­րուն։ Այսպէս, Մայր Աթո­ռը դժգոհ է. «Թե­մակալ առաջ­նորդի կող­մից ար­տա­յայ­տուած որոշ մտքեր եւ դա­տողու­թիւններ խիստ սուբյեկ­տիվ (խմբ.՝ են­թա­կայա­կան) են, ան­հա­տական, եւ վե­րագ­րե­լի չեն Եկե­ղեցուն։ Որեւէ հար­ցի առնչու­թեամբ գնա­հատա­կան­ներ հնչեց­նե­լիս, յատ­կա­պէս երբ Եկե­ղեցու պաշ­տօ­նական դիր­քո­րոշում առ­կայ չէ, եկե­ղեցա­կան­նե­րը որո­շապէս պէտք է շրջա­հայեա­ցու­թիւն եւ զգու­շա­ւորու­թիւն դրսեւորեն թիւր մեկ­նա­բանու­թիւննե­րի տե­ղիք չտա­լու հա­մար»։

Ու­շագրաւ զգու­շա­ցում մը, որուն սա­կայն Բագ­րատ արք. Գալստա­նեա­նի «Սրբա­զան շար­ժում»-ը,– դեռ տա­րի մը առաջ,– չար­ժա­նացաւ։ Ին­չո՞ւ. որովհետեւ Ռու­սաստա­նի շա­հերո՞ւն կը ծա­ռայէր։ Որո՞ւ տուրք կու տայ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ գա­հակա­լը։

Ու­շագրաւ այլ երե­ւոյթ մը եւս, որ հան­րութեան ու­շադրու­թեան յանձնած է ԱՄՆ-ու Մի­չիկըն-Տիր­պորն հա­մալ­սա­րանի Հայ­կա­կան հե­տազօ­տու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն եւ Պատ­մութեան բա­ժան­մունքի դա­սախօս Արա Սան­ճեան, Ապ­րիլ 26-ին իր ֆէյսպու­քեան էջին վրայ՝ «Մեկ­նա­բանու­թիւննե­րը թող­լով ըն­թերցո­ղին…» վեր­նա­գրով։ Խնդի­րը կը վե­րաբե­րի Հռո­մի  պա­պին յու­ղար­կա­ւորու­թեան՝ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ եր­կու կա­թողի­կոս­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան մասին Էջ­միած­նի եւ Ան­թի­լիասի հրապարակած հա­ղոր­դա­գրու­թիւն­նե­րու բո­վան­դա­կու­թեան. հոն Մայր Աթո­ռը բո­լորո­վին կ՚ան­տե­սէ Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ կա­թողի­կոս Արամ Ա.ի ու անոր պա­տուի­րակու­թեան ներ­կա­յու­թիւնը, կը նշէ միայն Մայր Աթո­ռի պա­տուի­րակու­թեան ան­դամնե­րուն անուննե­րը՝ «Ամե­նայն Հա­յոց կա­թո­ղի­կոսին ու­ղեկցող պա­տուի­րա­կու­թեան կազ­մում են Արեւմտեան Եւ­րո­պա­յի Հայ­րա­պետա­կան պա­տուի­րակ եւ Վա­տիկա­նում Ամե­նայն հա­յոց կա­թո­ղի­կոսի ներ­կա­յացու­ցիչ Տ. Խա­ժակ ար­քե­պիս­կո­պոս Պար­սա­մեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միած­նի դի­ւա­նա­պետ Տ. Ար­շակ ար­քե­պիս­կո­պոս Խա­չատ­րեանը…»։

Իսկ, Ան­թի­լիաս կը հա­ղոր­դէ հե­տեւեալը. «Յու­ղարկա­ւորու­թեան մաս­նակցե­ցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վե­հա­փառ հայ­րա­պետը։ Անոր կող­քին ներ­կայ էին նաեւ Վա­տիկա­նի մէջ ու­սա­նող Հոգշ. Տ. Պսակ վրդ. Թէ­փիր­ճեան…։ Յայտնենք, որ յու­ղարկա­ւորու­թեան մաս­նակցե­ցաւ նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րեգին Բ. կա­թողի­կոսը, միաբան հայ­րե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ Թէ՛ յու­ղարկա­ւորու­թեան եւ թէ՛ ընդհան­րա­պէս Վա­տիկան կե­ցու­թեան ըն­թացքին, եր­կու վե­հափառ հայ­րա­պետ­ե­րը միաս­նա­բար իրենց մաս­նակցու­թիւնը բե­րին յի­շեալ եկե­ղեցա­կան արա­րողու­թեան։ Անոնք նաեւ առիթ ու­նե­ցան միաս­նաբար խորհրդակ­ցե­լու հայ եկե­ղեց­ւոյ, Հա­յաս­տա­նի եւ ընդհան­րա­պէս հա­յու­թեան հետ աղերս ու­նե­ցող նիւ­թե­րու շուրջ»։

Ակնբախ է եր­կու կա­թողի­կոսու­թիւննե­րու միաս­նա­կան մօ­տեցում ցու­ցա­բերե­լու ան­կա­րողու­թիւնը։ Այ­սու­հան­դերձ, հա­ղոր­դագրու­թիւննե­րը կը մատնեն Մայր Աթո­ռի կող­մէ Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ վե­հափա­ռին հան­դէպ անար­գա­կան ան­տե­սում մը, մարդկա­յին տար­րա­կան ար­ժէ­քի կո­րուստ մը, որ յա­րիր չէ ո՛չ քրիս­տո­նէական ոգիին, ո՛չ ալ եկե­ղեցա­կանի կամ ազ­գա­կիցի կե­ցուած­քի։ Ան­դին, մե­ծագոռգոռ յայ­տա­րարու­թիւններ կ՚ըլ­լան խո­րան­նե­րէն ազ­գա­յին ար­ժէքնե­րը յար­գե­լու, միաս­նա­կան ոգիով գոր­ծե­լու։

Ժ.Չ. ■