Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայ դատի յանձնախումբը ԱՄՆ-ու Գոնկրէսին կոչ ըրած է 50 միլիոն տոլար օժանդակութիւն յատկացնելու Արցախին

 

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ԱՄՆ-ու օրէնսդիրներուն կոչ ըրած է քննարկուող տարեվերջեան ծախսերու ծրարին մէջ ընդգրկելու Արցախին 50 միլիոն տոլար օժանդակութեան յատկացումը:

Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պապ Մենենտեսին հասցէագրուած նամակին մէջ՝ Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան ամերիկահայ համայնքին եւ դաշնակցային գործընկերներու անունով շնորհակալութիւն յայտնած է անոր՝ Կովկասի մէջ ԱՄՆ-ու քաղաքականութեան վերաբերեալ վերջին յայտարարութիւններուն համար, երբ ան անընդունելի համարած էր Ուաշինկթընի ռազմական աջակցութիւնը Ազերպայճանին, իսկ Արցախահայերուն օգնութիւն տրամադրելու զլացումը:

Գոնկրէսի հայկական յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրէնք Փալոնին յղած նամակին մէջ՝ Համբարեան շեշտած է. «Ինչպէս գիտէք, Պայտընի վարչակազմը Ազերպայճանի ճնշման տակ կը վարէ Արցախին ԱՄՆ-ու մարդասիրական օգնութիւնը արգիլելու անխոհեմ եւ անպատասխանատու քաղաքականութիւն՝ հակառակ այնտեղ անոր լուրջ կարիքին։ Առ այդ Արցախին ԱՄՆ-ու օգնութեան դէմ Ազերպայճանի վեթոյի վերացումը Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ մեր համայնքին ու դաշնակցային գործընկերներուն համար օրէնսդրական գերակայութիւն է»:

Սեպտեմբերին ծերակուտականներ Փալոն եւ Տինա Թիթուս (Նեւատա) Գոնկրէսի աւելի քան 45 անդամներու աջակցութեամբ դիմած էին ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին եւ ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) ղեկավար Սամանթա Փաուըրին` կոչ ընելով «անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու՝ յատկացնելով զգալի միջոցներ վտանգի տակ գտնուող Արցախի հայ բնակչութեան աջակցելու համար»: