Հայ-թրքական սահմանին՝ Շիրակի մարզի Անիպեմզա գիւղին մէջ, վեր խոյացած է հայոց եռագոյնը։ Լուրը կը հաղորդէ «Հետք»-ը։
Մինչ այդ, դրօշակը օրհնուած է Շիրակի թեմի հոգեւոր ներկայացուցիչներուն կողմէ՝ Երերոյքի տաճարին մէջ։ Նախաձեռնութեան հեղինակները նորաստեղծ «Վասն Հայրենեաց» ազգային համախմբման շարժումին անդամներն են։ Կը նախատեսուի 9 մարզի սահմանամերձ գիւղերու մէջ, տեսանելի բարձունքներու վրայ տեղադրել Հայաստանի դրօշակը։
Այս գործողութեան նպատակը, ըստ «Վասն Հայրենեաց»-ի, Հայաստանի անձեռնմխելի սահմանները պետական դրօշով խորհրդանշօրէն ուրուագծելն է, հայորդիներու մէջ եռագոյնի հանդէպ յարգանքը ամրապնդելը, հրապարակային ձեռնարկներու միջոցով սահմանամերձ գիւղերուն հանդէպ ուշադրութիւն գրաւելը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչները ազգօգուտ նպատակներու շուրջ համախմբելը։
Անիպեմզայի մէջ Եռագոյնը տեղադրուած է Արժանթինէն Սուսաննա եւ Սերխիօ Նահապետեանի հովանաւորութեամբ։ Արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցած է երգչուհի Շուշան Պետրոսեան։