Ապրիլ 21-ին, 88 տարեկանին վախճանած է Հռոմի Փրանկիսկոս պապը՝ Վատիկանի Քազա Մարթայի իր նստավայրին մէջ: Անոր առողջութիւնը լրջօրէն քայքայուած էր որոշ ատենէ ի վեր, իսկ վախճանման պատճառ դարձած է ուղեղային արիւնահոսութիւն մը։
Հռոմի պապը նախորդ օր Սուրբ Յարութեան ուղերձին մէջ խաղաղութեան կոչ ըրած էր Հայաստանին ու Ազերպայճանին։ Անցեալ Նոյեմբերին ալ Վատիկան այցելող վարչապետ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցած էր անոր հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնած Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիները ազատ արձակելու իր շարունակական ջանքերուն համար։ 2016-ին Հռոմի պապը այցելած էր Հայաստան: Ան խաղաղութիւն, բարօրութիւն ու սէր քարոզած էր իր եռօրեայ ուխտագնացութեան ընթացքին:
Բայց եւ այնպէս, արցախահայութեան ենթարկուած տառապանքներուն, Արցախի հայաթափման, ազերիներու կողմէ հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ անոնց գործած անհամար այլ ոճիրներու նկատմամբ Պապին պահպանած անընդունելի լռութիւնը դառն յիշատակ մը պիտի մնայ հայ ազգի յիշողութեան մէջ։
***
Աւազանի անունով Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ ծնած էr Պուէնոս Այրէս, Արժանթին: Կաթոլիկ եկեղեցւոյ 266-րդ պապը, աւելի քան մէկ հազարամեակի ընթացքին առաջին ամերիկացին էր, առաջին յիսուսեանը եւ առաջին հովուապետը, որ ծնած էր Եւրոպայէն դուրս: Ան աշխարհ եկած էր իտալացի գաղթականներու ընտանիքի մը երդիքին տակ. սկիզբը աշխատած է քիմիայի բնագաւառին մէջ: 1969 թուականին ձեռնադրուած է քահանայ եւ 1973-1979 թուականներուն ղեկավարած է Արժանթինի յիսուսեաններու միաբանութիւնը։ 1998-ին Պուէնոս Այրէսի արքեպիսկոպոս նշանակուելէն երեք տարի ետք Հռոմի պապ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. անոր շնորհեց կարդինալի աստիճան։ 2013-ին՝ Հռոմի պապ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ի հրաժարականէն ետք, ընտրուելով Հռոմի պապ, ան ստացաւ Փրանկիսկոս անունը՝ ի պատիւ Սուրբ Փրանկիսկոս Ասիզացիի, որ խորհրդանիշը կը հանդիսանայ խոնարհութեան ու աղքատներուն օգնութեան:
Փրանկիսկոս պապի առաջնորդութեան ժամանակաշրջանը յատկանշուեցաւ բարեսիրութեան, ընկերային արդարութեան եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան նկատմամբ յատուկ ուշադրութեամբ: 2015-ին ան հրատարակեց “Laudato si” հանրագիտարանը, որուն մէջ ան կոչ կ՚ընէ համաշխարհային գործողութիւններու ձեռնարկելու կենսոլորտի փոփոխութեան դէմ պայքարելու եւ շրջակայ միջավայրին խնամքով վերաբերելու համար: Ան նաեւ վեր առած է միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս՝ 2019 թուականին ստորագրելով «Մարդկային եղբայրութեան մասին» փաստաթուղթը Եգիպտոսի Ալ-Ազհարի Մեծ իմամ Ահմէտ էլ-Թայէպի հետ: Ան նաեւ ջանք թափած է Վատիկանի ֆինանսական համակարգը բարեփոխելու եւ եկեղեցւոյ մէջ հոգեւորականներու սեռական ոտնձգութիւններուն դէմ պայքարելու համար։ 2025-ին ան հրատարակեց իր ինքնակենսագրութիւնը՝ «Յոյս», ուր կը գրէ իր կեանքի եւ հոգեւոր առաքելութեան մասին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։