Հայաստան վտանգի մէջ է։ Երկրին զինուած ուժերուն վիճակը, անմիջական հարեւաններուն հետ յարաբերութեանց բնոյթը եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ընդհանուր անորոշութիւնը կը դարձնեն անոր գոյութիւնը անորոշ։ Ապագայ խաղաղութեան պայմանագրի յայտարարութիւնը բնաւ չի մեղմացներ նշեալ իրականութիւնը։ Հետեւաբար, այս հաղորդագրութիւնը ստորագրող միութիւններու գնահատականով՝ Հայաստանի վիճակը կը պահանջէ իր Սփիւռքէն անխախտ զօրակցութիւն՝ անոր զինուած ուժերուն եւ լիազօրուած բոլոր հաստատութիւններուն՝ երկրին ապահովութիւնն ու յարատեւութիւնը երաշխաւորելու համար։
Ներքոստորագրեալներս կը հաստատենք, որ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցչական մարմինը՝ CCAF-ը (Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդ), իր ազգային եւ շրջանային բաղադրիչներով, բացայայտ հակամարտութեան մէջ մտած է հայաստանեան իշխանութիւններուն հետ։ Այս հակամարտութիւնը մասնաւորապէս դրսեւորուեցաւ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի՝ Պանթէոն մուտքի արարողութեանց ընթացքին եւ շարունակուեցաւ այդ օրէն ի վեր, թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ։ Հրապարակային ստորագրահաւաքներով, Ֆրանսայի հայկական համայնքի մեծ մասը արտայայտեց իր խոր անհամաձայնութիւնը այս հրապարակային եւ մնայուն բախման քաղաքականութեան նկատմամբ։ Զօրակից ըլլալով Հայաստանին, վերոնշեալ հասարակական հոսանքը կը գնահատէ, որ CCAF իր այս թշնամական դիրքորոշումներով չի ներկայացներ զինք։ Ան կը համարէ որ ոչ միայն հակամարտական նման դիրքորոշումը չի ներկայացներ համայնքի մեծամասնութեան կարծիքն ու արժէքները, այլեւ աւելի՛ն, կը տկարացնէ Հայաստանը ընդդէմ իր հակառակորդներուն եւ յաչս իր բարեկամ երկիրներուն։
Համաձայն իրենց ներկայացուցած հասարակական հոսանքին եւ զիրենք առաջնորդող արժէքներուն, ներկայ յայտարարութիւնը ստորագրող միութիւնները նպատակ ունին վերահաստատելու Հայաստանի հետ կառուցողական յարաբերութիւններ բոլոր մարզերուն մէջ, հիմնուած եղբայրութեան սկզբունքին վրայ, ուղղակի երկխօսութեամբ եւ շինիչ զօրակցութեամբ։
Նկատի ունենալով վերոյիշեալ հանգամանքները, Հարաւային շրջանի CCAF-ի՝ 2025 Մարտ 19-ի ընդհանուր ժողովին, ներքոստորագրեալ միութիւնները պահանջեցին ղեկավարման փոփոխութիւն։ Այս պահանջը մերժուեցաւ 14 ձայնով՝ 13-ի դէմ։
Հետեւաբար, ներքոստորագրեալները կը կասեցնեն իրենց մասնակցութիւնը Հարաւային շրջանի CCAF-ին։ Այս կասեցումը ի զօրու պիտի դառնայ 2025 Մայիս 8-էն։
Ստորագրողները՝
Մարսիլիա, 2025 Մարտ 26
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։