Հին, բայց միշտ երիտասարդ Տեառնընդառաջը

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սիրուած ու սպասուած տօներէն է Տեառնընդառաջը կամ մանուկ Յիսուսի ընծայումը տաճարին. ան  ունի թէ՛ հնագոյն քրիստոնէական, թէ՛ ալ նախադարէն եկող արմատներ։ Այս տօնով, կարծէք թէ կը կիսուի ձմեռը եւ գարնան գալուստը աւելի ակնյայտ ու մօտ կը թուայ։

Տեառնընդառաջը կը տօնենք Փետրուար 14-ին՝ Քրիստոսի աստուածայայտնութենէն (Յունուար 6) քառասուն օր ետք։

Տեառնընդառաջի նախօրեակին՝ երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ, կը կատարուի նախատօնակ։ Սովորաբար նախատօնակի արարողութեան աւարտին կը կատարուի Անդաստանի արարողութիւն, որու ընթացքին կ՚օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը։ Անդաստանին կը յաջորդէ մոմերու օրհնութեան արարողութիւնը։ Եկեղեցիէն առնուած կրակով եկեղեցիներու բակերուն մէջ կը վառուին խարոյկներ՝ իբրեւ Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ։ Խարոյկը նաեւ մայր հողը ջերմացնելու եւ գարնան նախապատրաստելու խորհուրդ ունի։ Կ՚ըսուի թէ ան չարխափան, հիւանդութիւններն ու անյաջողութիւնները վանելու, երազանքները իրականացնելու յատկութիւն ունի։

Հայրենի պատմագէտ Յասմիկ Աբրահամեան սապէս կը մեկնաբանէ Տեառնընդառաջի քրիստոնէական ու նախաքրիստոնէական խորհուրդը.

«Տեառնընդառաջ կը նշանակէ “ելլել Տիրոջն ընդառաջ”։ Այս տօնին անունը կը կապուի Սիմէոն ծերունիի հետ, որ Աստուծմէ կը խնդրէր` թոյլ տալ իրեն տեսնել Փրկիչը եւ ապա մեռնիլ։ Ան գնաց Յիսուսին ընդառաջ, տեսաւ զԻնք ու յետոյ միայն հոգին աւանդեց։

Այս տօնին մէջ զարմանալիօրէն միահիւսուած են հինն ու նորը, ժողովրդականն ու եկեղեցականը, բայց ամէնէն կարեւորը այն է, որ ան կը շարունակէ ապրիլ ու մնալ սիրուած՝ յատկապէս նորապսակներու եւ երիտասարդներու շրջանակին մէջ»։