Առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուի հին որթատունկերու գինեգործութեան «Հին որթատունկի հերոս-2023» միջազգային մրցոյթը, որու մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15-ին, Լոնտոնի մէջ։
Մրցանակին յաւակնորդ սկզբնական 85 թեկնածուներու՝ միայն ութ անունով աւարտական ցանկը ի յայտ եկած է խիստ զտումներէ ետք։ Աւարտական այդ ցանկին մաս կը կազմէ նաեւ Հայ մը՝ Կոմիտաս Մերճան-
եան, որ կը ներկայանայ Հայաստանէն, իր «Ձօն» այգիներով։
Քուէարկութիւնը կը կատարուի առցանց։ Կարելի է քուէարկել մինչեւ Մարտ 13։ Անոնք, որոնք կը փափաքին աջակցիլ հայ գինեգործ երիտասարդին, կրնան քուէարկել գործածելով առկից QR ծածկագիրը.
Ստորեւ, այնպէս ինչպէս ներկայացուած է հայ գինեգործը՝ ութ թեկնածուներու էջին.
Կոմիտաս Մերճանեան,
«ՁՕՆ – Մերճանեանի խաղողի այգիներ», Հայաստան
«ՁՕՆ – Մերճանեան խաղողի այգիներ»-ը փոքր տեղ մըն է աշխարհագրական քարտէսին վրայ, սակայն Հայաստանի մէջ խաղողի այգին խորհրդային ժամանակներէն հասած երկար պատմութեան մէկ մասնիկն է: Մերճանեանի այգիները կը կազմեն շուրջ մէկ հեկտար, 70-էն 150 տարեկան որթատունկերով։ Անոր Սեւ Արենի խաղողները կը հասնին գրեթէ հողին հաւասար մակարդակի վրայ:
Կոմիտաս Մերճանեան իր հին այգիներու միակ պատասխանատուն է, մինչեւ իսկ այգին վայրի թուփերէն եւ այլ վնասակար բոյսերէն մաքրողը: «ՁՕՆ» այգիի առաջատար արտադրութիւնն է Old Vine Areni Noir (Հին որթատունկի սեւ արենի) չոր կարմիր գինին, զոր Կոմիտաս ձեռք կը ձգէ Հայաստանի Վայոց Ձորի գինեգործութեան մարզի Աղաւնաձոր գիւղի Աւելի քան 150-ամեայ խաղողի այգիէն:
Բացի հին որթատունկերու խաղողներով բարձրակարգ որակի գինիներ արտադրելէ, Կոմիտաս նաեւ գինիի եւ գինեգործութեան տեղացի եւ օտար սիրահարներու հետ կը կիսէ հին այգիներու իր հաւատքը, սէրն ու գիտելիքները՝ զանոնք մշակելու մասին, այդպէսով նպաստելով հին այգիներու պատշաճ արժեւորման։
Աւելի մօտէն ծանօթանալու համար Կոմիտաս Մերճանեանի գործունէութեան ու արտադրութեան՝
Instagram : @dzonwine
Facebook : facebook.com/DzonWine ■