Ապրիլ 28-ին ՀՀ մարդկային իրաւանց պաշտպան (ՄԻՊ) Քրիստինէ Գրիգորեան Փարիզի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Մարդկային իրաւանց միջազգային դաշնակցութեան (FIDH), ցեղապաշտութեան եւ հակասեմականութեան դէմ պայքարի միջազգային համախմբումի (LICRA) ներկայացուցիչներու, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի, ինչպէս նաև հայ փաստաբաններու եւ իրաւաբաններու ընկերակցութեան (AFAJA) անդամներու հետ:
Գրիգորեան սոյն տեսակցութիւններու ընթացքին ներկայացուցած է Ազերպայճանի կողմէ պետական մակարդակով հետեւողականօրէն ցուցաբերուող հայատեացութեան քաղաքականութեան դրսեւորումները, որոնք արտայայտուած են թէ՛ 2020-ի պատերազմի ընթացքին եւ թէ՛ յետպատերազմական շրջանին։
Ներկայացուած են Արցախահայութեան նկատմամբ մղուող ատելութեան քաղաքականութեան հետեւանքները, ի շարս այլոց, շփման գիծին մօտ գտնուող գիւղերու բնակչութեան ահաբեկման եւ անոր դէմ ուժի կիրարկման գործողութիւնները։
ՀՀ ՄԻՊ-ը անդրադարձած է Պաքուի մէջ ցուցադրուած աւարի պուրակին, հայկական ժառանգութեան նմուշներու ու հայկականութեան հետքերու վերացման ազերի վարչակազմի հակահայ արարքներուն, ինչպէս նաև նախագահ Ալիեւի՝ ատելութիւն հրահրող ու հայատեացութեան խոստովանութիւն հանդիսացող յայտարարութիւններուն։
Մարդկային իրաւանց միջազգային դաշնակցութեան ներկայացուցիչները հետաքրքրուած են հայ ռազմագերիներն ու պահուող անձերը չվերադարձնելու ազերպայճանական մօտեցման պատճառներով, միջազգային իրաւական գործընթացներու հարցերով։
LICRA-ի ներկայացուցիչները անընդունելի ու դատապարտելի համարած են ռազմաւարի պուրակի բացման ու երիտասարդ սերունդը ատելութեամբ դաստիարակելու գործելակերպերը՝ շեշտելով, որ այդպիսի կազմակերպուած կերպով դրսեւորուած ատելութեան քաղաքականութիւնը կրնայ ծնունդ տալ նոր յանցագործութիւններու։
Դեսպանուհի Տոլմաջեանի ու Ֆրանսայի մէջ գործող հայ փաստաբաններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին՝ արծարծուած են ընթացքի մէջ գտնուող ու ծրագրուած գործողութիւններու, ինչպէս նաև արդիւնքներու հասնելու համար ջանքերու համատեղման անհրաժեշտութեան առնչուող հարցեր։