Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՅԴ Բիւրոյի հաղորդագրութիւնը

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր, երբ հաւաքական հայ ժողովուրդը անվտանգային լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, երբ յաղթահարուած չեն Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին ուղղուած գոյութենական սպառնալիքները, երբ ազգային համախմբումն ու միասնականութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն են, իշխող վարչախումբը բացայայտ արշաւ մը սկսած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ, անոր Ազգընտիր Հայրապետին եւ եպիսկոպոսաց դասին նկատմամբ։

Մեր ինքնութեան կարեւորագոյն հիմքերէն մէկուն նկատմամբ վարչախումբին արգահատելի նպատակադրումներն ու հռետորաբանութիւնը ակնյայտօրէն ապազգային են եւ հակասահմանադրական։

Աներկբայ է, որ զազրելի ցեխարձակումները համընկան արտաքին հարթակներուն մէջ ազգային շահերու եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախաձեռնութիւններուն հետ։

Ակնյայտ է նաեւ, որ իշխանութիւններու ոտնձգութիւնները հիմնաւորուեցան թշնամի երկրի «կրօնապետին» անբարոյ եւ ստայօդ յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ որոշ շրջանակներու կողմէՀայաստանի մէջ կրօնական ազատութիւններու նիւթը շահարկելու, Հայոց ազգային եկեղեցւոյ սահմանադրութեամբ ամրագրուած պատմական առաքելութիւնն ու կարգավիճակը խաթարող նպատակադրումներուն զուգահեռ։

Հայ ժողովրդին կեանքին մէջ Հայ եկեղեցւոյ պատմական բացառիկ դերակատարութիւնը չարժեւորելն ու վերջինիս թիրախաւորելը ոչ միայն թշնամիի շահերուն շահեր կը սպասարկէ, այլեւ կըխորացնէ երկրին մէջ տիրող ճգնաժամը, կը թուլացնէ մեր հաւաքական դիմադրողականութիւնը, կը նսեմացնէ հաւատաւոր հայ ժողովուրդին նուիրական զգացումներն ու արժանապատուութիւնը։

ՀՅԴ Բիւրոն իր անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյն, խստօրէն կը դատապարտէ իշխող վարչախումբին՝ Հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ քայքայիչ, հակապետական գործողութիւնները եւ կը յայտարարէ, որ համահայկական կառոյցին ամբողջ կարողականութեամբ եւ միակամութեամբ Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ կողքին է՝ յանուն հայժողովուրդի հաւաքական իղձերու եւ Հայոց պետականութեան հզօրացման։

ՀՅԴ Բիւրօ
10. 06. 2025»