Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբ.- «Արցախ երբեք չի կրնար մաս կազմել Ազերպայճանին»

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին յայտարարութիւնը.-

«Երկու ամիսէն պակաս ժամանակամիջոցին, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ՝ Շառլ Միշէլ երկրորդ անգամ հիւրընկալեց Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարները այսպէս կոչուած “խաղաղութեան պայմանագիր”-ի շուրջ բանակցելու համար:

Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն ետք, Ազերպայճան բազմաթիւ անգամներ եւ տարբեր ձեւերով խախտած է ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։

– Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ կողմերը հրադադարէն վերջ կը մնան իրենց տեղերը, սակայն ազերպայճանական զօրքերը Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տասնեակ քիլոմեթրեր առջեւ եկած են եռակողմ յայտարարութենէն յետոյ։

– Օգտուելով այն հանգամանքէն, որ Արցախին սպասարկող կազատարը կ’անցնի ազերպայճանական հսկողութեան տակ գտնուող տարածքով, ձմռան ցրտաշունչ օրերուն ազերպայճանական կողմը փակեց զայն՝ Արցախի ազգաբնակչութիւնը մատնելով աղէտալի կացութեան։

– Սահմանամերձ հատուածներուն մէջ հայ ազգաբնակչութեան հանդէպ իրագործուեցան հոգեբանական սպառնալիքներ՝ հայերէն լեզուով։

– Հայկական մշակոյթի կոթողներ, եկեղեցիներ եւ յուշարձաններ կը պղծուին եւ կ’ոչնչացուին, փորձելով անոնց հայկական ծագումը աղաւաղել։

– Կը շարունակուի ցեղային զտումներու տասնամեակներու քաղաքականութիւնը, որուն վերջնական նպատակը Արցախի հայաթափումն է։

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը, տարբեր երկիրներու մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերուն հետ միասին,– որոնք հայկական ծագումով եւրոպացի հարիւրհազարաւոր քաղաքացիներ կը ներկայացնեն,– կոչ կ’ուղղեն Եւրոպական խորհուրդի նախագահին եւ Եւրոպայի գործադիր իշխանութեան, հաշիւի նստիլ հետեւեալ յոյժ կարեւոր հանգամանքներուն հետ․-

Եւրոպական խորհրդարանը Մարտ 10-ին ընդունեց բանաձեւ մը, ուր խիստ մտահոգութիւն կը յայտնէր Արցախի մէջ ցեղային զտումներու յանցաւոր գործողութիւններուն եւ հայկական մշակութային կոթողներու եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման նկատմամբ։

Արցախի հակամարտութեան շուրջ բանակցութիւնները պէտք է անպայման տեղի ունենան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի շրջանակին մէջ, ուր, ի շարս այլ հիմնական սկզբունքներու, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը կը դիտուի որպէս գերակայ առաջնահերթութիւն։

Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացները պէտք է տեղի ունենան երկու երկիրներու համար ընդունելի պայմաններով, նկատի առնելով սահմանամերձ տարածքներուն մէջ ապրող ազգաբնակչութեան մարդկային իրաւունքները եւ սահմաններու յառաջացման պատմական անցեալը։

Ազերպայճանի կողմէ զինուորական յաջողութիւններով պայմանաւորուած յարձակողապաշտ նկրտումները դատապարտելի են։

Բազմաթիւ հայ ռազմագերիներ Պաքուի բանտերուն մէջ մինչեւ օրս կ՚ենթարկուին անմարդկային խոշտանգումներու։

Ազերպայճան չի գործադրեր իր ստորագրութեամբ հաստատուած պարտաւորութիւնները՝ արհամարելով բազմաթիւ երկիրներու կառավարական եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու կոչերը։

Թուրքիոյ եւ ահաբեկչական միաւորումներու օգնութեամբ ձեռք բերուած զինուորական յաջողութիւնը՝ Ազերպայճան չի կրնար օգտագործել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը իբրեւ միջանցք օգտագործելու համար:

Նկատի առնելով վերոյիշեալ հանգամանքները, Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը եւրոպական երկիրներու Հայ դատի յանձնախումբերուն հետ միասին կը յայտարարէ, որ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն մէջ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը պէտք է անկիւնաքարային կէտ ըլլայ, հետեւաբար Արցախը երբեք չի կրնար մաս կազմել Ազերպայճանին։

Եւրոպա պէտք է օգտագործէ իր բոլոր լծակները ազդելու համար Ազերպայճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան վրայ եւ կանխելու Արցախի հայ ազգաբնակչութեան ցեղային զտումը։

Ազերպայճան չի կրնար Արցախի ժողովուրդին խաղաղութիւն պարտադրել, որ վերջին հաշուով Արցախցիին ոչնչացումը կը նշանակէ իր իսկ հազարամեայ հայրենիքին մէջ»։