Դեկտեմբեր 7-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռի Սուրբ Էջմիածնի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է 1988 Դեկտեմբեր 7-ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:
Մայր Աթոռի միաբանութիւնը աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած՝ զոհուած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար: