Հռոմի Պապը Սուրբ ծննդեան իր ուղերձին մէջ անդրադարձած է ռազմագերիներուն

Դեկտեմբեր 25-ին, Սուրբ ծննդեան տօնին առթիւ, Հռոմի Պապը հանդէս եկած է ամէնամեայ «Քաղաքին և աշխարհին» աւանդական ուղերձով՝ մարդկութիւնը հրաւիրելով երկխօսութեան, միասնութեան և խաղաղութեան։

Սուրբ Աթոռին մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր նշուած է.-

«Պապը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ աշխարհի հակամարտութիւններուն, երկխօսութենէ հրաժարելու վտանգներուն եւ իրենց տուներէն հեռու մնալու հարկադրուածներուն մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութեան։

«Բեթղեհէմի որդի, թոյլ տուր, որ վերջին հակամարտութիւններու բազմաթիւ ռազմագերիները` քաղաքացիական անձերն ու զինուորականները, ինչպէս նաև քաղաքական դրդապատճառներով բանտարկուածները շուտով տուն վերադառնան»,– ընդգծած է Փրանկիսկոս պապը: