Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՌՈՄ – Երկխօսութեան եւ խաղաղութեան համար աղօթքի հաւաք

Հոկտեմբեր 23-էն 25, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ համաշխարհային կրօններու միջեւ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան համար աղօթքի հանդիպում, զոր կը կազմակերպէ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքոյ գործող Սան թ՚Էճիտիօ (Sant’Egidio) համայնքը 1986 թուականէն ի վեր։ 

Այս տարուան եռօրեայ միջազգային հաւաքը, որ կը կրէր «Խաղաղութեան ճիչ. կրօնները եւ մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» խորագիրը, իր շուրջ համախմբած էր կրօնի, քաղաքականութեան եւ մշակոյթի ներկայացուցիչներ, աւելի քան 50 երկիրներէ, ինչպէս նաեւ հազարաւոր մարդիկ հեռավար մասնակցութեամբ։ 

Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի երեկոյեան, Հռոմի La Nuvola «Գոնկրէս» կեդրոնէն ներս, ուր ելոյթ ունեցան քաղաքական եւ կրօնական ծանօթ գործիչներ՝ Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա, ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն, Սան թ՚Էճիտիօ համայնքի հիմնադիր՝ Անտրիա Ռիքարտի, Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի նախագահ կարդինալ Մարիօ Զուպի, Ֆրանսայի ռաբունապետ Հայիմ Քորսիա, Համաշխարհային իսլամական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ալ Իսա, ինչպէս նաեւ Ուքրաինայի պատերազմի ականատես երիտասարդ մը։ Իր ոգեշունչ ելոյթի ընթացքին նախագահ Մաքրոն երկու անգամ ուղղեց հետեւեալ յորդորը. «Ուքրաինայի պատերազմը պէտք չէ մոռացութեան մատնէ Հայաստանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Սոմալիի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութիւնները»։

Հոկտեմբեր 24-25-ին տեղի ունեցան աշխատանքները առանձին խորհրդաժողովներու ձեւաչափով։ 

Այս կարեւոր միջազգային հաւաքին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ Խաժակ արք. Պարսամեան ներկայացուց Հայ Առաքելական եկեղեցին։ Սրբազան հայրը ներկայ եղաւ բացման արարողութեան, ապա Հոկտեմբեր 24-ին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Միասնական Զատիկ. այլեւս ոչ թէ երազանք, այլ աշխարհը միաւորելու անհրաժեշտութիւն» խորագիրով խորհրդաժողովի աշխատանքներուն։

Իր ելոյթին սկիզբը Սրբազան հայրը նախ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սան թ՚Էճիտիօ համայնքին այս նախաձեռնութեան, եւ մասնակցելու իրեն ընձեռուած հնարաւորութեան համար։ Ան նշեց, որ համաճարակի պատճառով ցնցուած աշխարհը, վերջին լուրջ քաղաքական հակամարտութիւններու հետեւանքով այսօր կանգնած է նոր համաշխարհային սպառնալիքի առջեւ, որուն դիմակայելու համար կը պահանջուի բոլորիս միասնութիւնը։ Ապա Սրբազանը անդրադարձաւ միջեկեղեցական շարժման՝ ի դէմ 1948-ին հիմնադրուած Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, ընդգծելով անոր դերը՝ պատմութեամբ, աշխարհագրութեամբ, աստուածաբանութեամբ եւ մշակոյթով իրարմէ տարբեր եկեղեցիներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ համագործակցութեան քաղաքականութեան եւ մերձեցման միջավայրի մթնոլորտի ձեւաւորման գործին մէջ։ 

Խօսելով արդի ժամանակաշրջանի միջեկեղեցական շարժման նուաճումներուն մասին, ան ընդգծեց Վատիկանի Բ. ժողովի (1963-1965) ոգիի «թարմացման» կարեւորութիւնը։ Վատիկանի Բ. ժողովին ընդունուեցան շուրջ 16 կարեւոր որոշումներ, որոնք ոչ միայն մեկնակէտ ծառայեցին զգալի վերափոխումներու՝ վարդապետութեան, ծէսի, աստուածաբանութեան ոլորտներուն մէջ, այլ նաեւ Եկեղեցի–ոչ-քրիստոնէական կրօններու նոր յարաբերութիւններու ձեւաւորման եւ առաւել կրօնական ազատութեան ապահովման տեսանկիւնէն, նաեւ նոր զարգացում եւ որակ հաղորդեցին միջեկեղեցական հետագայ յարաբերութիւններուն։ 

Անդրադառնալով խորհրդաժողովի մայր բնաբանին, ան ընդգծեց, որ Քրիստոսի յարութիւնը մեր՝ քրիստոնեաներուս, հաւատքի հիմնաքարն է, եւ զայն նոյն օրը միասին տօնելը բացառիկ քայլ պիտի ըլլայ Յարուցեալ Տիրոջ ներկայութեան մէջ մեր միասնութիւնը իրագործելու համար: Ան համառօտ ակնարկ կատարեց 90-ական թուականներու աւարտէն մինչ օրս Կաթոլիկ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու նախաձեռնած քայլերուն՝ Քրիստոսի Յարութեան տօնի ընդհանուր օր սահմանելու համար։

Իր ելոյթի աւարտին Սրբազան հայրը յայտնեց իր կարծիքը, թէ 2025 թուականին Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակի տօնախմբութիւնը կրնայ լաւագոյն առիթը հանդիսանալ քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիներուն՝ Քրիստոսի Յարութեան տօնը նոյն թուականին տօնախմբելու համաձայնութեան: ■