Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՌՈՄ. Հայ կաթողիկէ պատրիարք-կաթողիկոսը եւ Փրանկիսկոս պապը միասին պատարագ մատուցած են

Տեառնընդառաջի տօնի նախօրեակին, Հռոմի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ մատուցուած պատարագին ընթացքին, Հռոմի Փրանկիսկոս պապը եւ հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Ռափայէլ Պետրոս 21-րդ կաթողիկոս-պատրիարքը հաստատած են եկեղեցական ամբողջական հաղորդութիւնը։

Հռոմի սրբազան քահանայապետը 2021 թուականի Սեպտեմբեր 23-ի կոնդակով հաստատած էր Հռոմի եկեղեցւոյ եւ հայ կաթողիկէ նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքին եւ անոր նուիրապետութեան եւ ժողովուրդին միջեւ սուրբ հաղորդութիւնը:

Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն՝ նորընտիր կաթողիկոս պատրիարքը իր ընտրութեան օրը քահանայապետին ներկայացուցած է հաւատացեալներուն հաղորդութիւն շնորհելու խնդրանքը: