Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՌՈՄ – Նարեկացիի յիշատակի օր Վատիկանի մէջ

Սուրբ Աթոռի Հայաստանի դեսպանութեան Դիմագիրքի էջէն կը տեղեկանանք, թէ Փետրուար 27-ին, Վատիկանի Ս․ Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցած է Գրիգոր Նարեկացիի նուիրուած հաղորդութեան տօնակատարութիւն մը՝ Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու բաժանմունքի նահանգապետ Գլաուտիօ արք․ Կուճերոթթիի նախագահութեամբ։ 

Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած արարողութեան ներկայ եղած են Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս արք. Մինասեան, աշխատանքային այցով Վատիկան գտնուող Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան, Սուրբ Աթոռի եւ Մալթայի Ինքնիշխան Ուխտի պաշտօնեաներ, Վատիկանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, Քահանայապետական Լեւոնեան հայկական վարժարանի տնօրէնը, Մխիթարեան միաբանութեան, հայ առաքելական ու կաթողիկէ եկեղեցիներու եւ սփիւռքի ներկայացուցիչներ, լրագրողներ։

Կուճերոթթի արք. եւ դեսպան Նազարեան իրենց խօսքին մէջ անդրադարձած են «Խաղաղութեան վարդապետին» (Փրանկիսկոս պապը այդպէս անուանած է Նարեկացին) հոգեւոր գրական ժառանգութեան։ Հայաստանի դեսպանը մասնաւորապէս նշած է, որ հայ մեծ սուրբի օրուան ոգեկոչումը Տիեզերական եկեղեցւոյ կողմէ առիթ մըն է միջազգային հանրութեան համար՝ ազգային ու համաշխարհային մակարդակի վրայ համերաշխութեան քաղաքակրթութիւն կերտելու։

Ան աւելցուցած է, որ հայ ժողովուրդը իր հազարամեայ պատմութեան ընթացքին երբեք չէ ընկրկած դրացիներու պարտադրած պատերազմներու, յարձակումներու, ցեղային զտման քաղաքականութեան, ցեղասպանութեան, ջարդերու եւ այլ զրկանքներու առջեւ, ու շարունակած է հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան ու քրիստոնէական համամարդկային իտէալներուն։

Արարողութենէն առաջ դեսպան Նազարեան եւ հայ դիւանագէտները ծաղկեպսակ զետեղած են Վատիկանի պարտէզին մէջ գտնուող Նարեկացիի յուշարձանին առջեւ։