Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՕՄ-ը 10 թոն պարէնամթերք յանձնած է Հայաստանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան

Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախացումէն ի վեր իր աշխատանքները գլխաւորաբար կեդրոնացուցած է հայրենիքի հզօրացման՝ յատկապէս քաջարի Արցախի ժողովուրդի բարօրութեան վրայ։

Արցախի Հանրապետութիւնը աւելի քան յիսուն օր է շրջափակման մէջ է, եւ 120․000 Արցախահայերը գոյատեւման պայքար կը մղեն Արցախը կանգուն պահելու համար։

Խորապէս գիտակից ենք, որ այս դժուար օրերուն ճգնաժամը դիմագրաւելու համար, Արցախը աւելի քան երբեւէ մեր միասնութեան եւ օգնութեան կարիքն ունի։

Այս հրամայականի հիման վրայ, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ մնալով «ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իմաստալից իր կարգախօսին, ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանը, շուրջ 10 թոն պարէնամթերք յանձնած է Հայաստանի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան։

Մենք միշտ Արցախի կողքին ենք։ Օրհասական այս օրերուն կոչ կը յղենք ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին ու համայն հայութեան՝ օգնութեան ձեռք մեկնելու քաջարի Արցախահայութեան, որ հերոսաբար կառչած է պապենական մեր հողերուն եւ արթուն պահակն է արեան գինով ազատագրած իր հայրենիքի։

Արցախը մերն է եւ մնալու է հայկական։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ