Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ձերբակալուած է Երեւանի փոխքաղաքապետը

Առողջապահութեան նախկին նախարար Արսէն Թորոսեանի նախկին տեղակալը, որ այժմ Երեւանի փոխքաղաքապետն է, պսակաձեւ ժահրի համաճարակի շրջանին 119 միլիոն դրամ յափշտակած ըլլալու յանցանքով կը մեղադրուի։ Ան եւ տասը ուրիշ անձեր ձերբակալուած են։

Հայաստանի հակաեղծանման յանձնաժողովի քրէական վարոյթով կատարուած նախաքննութեամբ փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են, որոնց համաձայն՝  Երեւանի փոխքաղաքապետ Գ. Սիմոնեան, 2020-2022 տարիներուն երբ կը վարէր Առողջապահութեան նախարարի տեղակալի պաշտօնը, անձնական շահերէ մեկնելով չէ կատարած իր ծառայողական պարտականութիւնները, այդ պատճառով ալ էական վնաս հասցուցած է պետութեան շահերուն: