Ղազախստանի անակնկալ բռնկումը աւելի լարեց Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Ասիոյ քաղաքական իրավիճակը։ Ղազախստան ըլլալով ուժանիւթ արտադրող մեծ երկիր մը, բնականաբար միջազգային ուժերու բոլորն ալ հակազդեցին իրադարձութիւններուն։ Հայաստան որ վերջին երկիրը պէտք է ըլլար Ղազախստանի բախումներուն միջամտելու եւ որեւէ դերակատարութիւն ունենալու առումով, ինքզինք առաջին դիրքի վրայ գտաւ ՀԱՊԿ-ի ներկայ շրջանի նախագահութիւնը ստանձնած ըլլալով։
ՀԱՊԿ-ն, որ Արցախեան պատերազմի ժամանակ մերժած էր Հայաստանին օգնութիւն ցուցաբերել, Ղազախստանի նախագահ Թոքաեւի դիմումին ընդառաջելով՝ անմիջապէս զօրքեր ղրկեց նեցուկ կանգնելու ղազախական իշխանութիւններուն։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախագահութեամբ, ՀԱՊԿ-ն գործնականապէս ծնունդ առաւ, իր առաջին զինուորական միջամտութիւնը կատարելով իբրեւ ռազմական դաշինք։ Այս առթիւ Հայաստան եւս իբր ՀԱՊԿ-ի անդամ՝ 100 հոգինոց զօրք ղրկեց Ղազախստան։
Հայաստանի՝ առաջին դիրքի վրայ ներգրաւումը նման նախաձեռնութեան մէջ, բնականաբար բազմաթիւ հարցադրումներ կը յառաջացնէ։ Առաջինը՝ արդեօք պէ՞տք էր զօրք ղրկել, երբ դեռ տարի մը եւ չորս ամիս առաջ ՀԱՊԿ-ն մերժած էր Հայաստանին օգնել։ Երկրորդ՝ ընդհանրապէս արդեօք ՀԱՊԿ-ն իրաւասո՞ւ էր միջամտելու, երբ Ղազախստան արտաքին յարձակումի չէր ենթարկուած, այլ՝ ներիշխանական յեղաշրջման փորձ մըն էր որ կը կատարուէր, ուժանիւթի գիներու յաւելումի ժողովրդային պոռթկումին հետեւանքով։
Նման պարագաներու՝ սովորական տրամաբանութեամբ չէ որ որոշումները կը պարտադրուին, այլ՝ ուժեղ կողմի ռազմավարական շահերով։ Եւ այս պարագային՝ Ռուսաստանի որոշումը բնական է որոշիչ դեր կատարած է, Հայաստանին պարտադրելով լուծում մը, որմէ կարելի չէր խուսափիլ, նկատի ունենալով Ռուսաստանի ներգրաւումը Արցախի եւ հայ-ազէրական փոխյարաբերութիւններուն մէջ։
Հայաստանի միջամտութիւնը միայն Արցախի պատերազմին ՀԱՊԿ-ի միջամտութեան չափանիշով պէտք չէ դատել, որովհետեւ Ղազախստանի ներքին բախումները իրենց քաղաքական հետեւանքները ունին հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ, նկատի ունենալով այդ երկրին թրքական երկիրներու ընտանիքին պատկանելիութիւնը, եւ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը Միջին Ասիոյ թուրքական հանրապետութիւններուն վրայ, որոնց հետ կազմած է միութիւն մը։ Ռուս-թրքական մրցակցութիւնը նախկին Սովետական Միութեան այս երկիրներուն մէջ մտաւ նոր փուլ։ Առաջին ակնարկով Ռուսերը ամրացուցին իրենց դիրքերը ի հեճուկս Թուրքիոյ։ Հայաստանի ներգրաւումը այս պայքարին մէջ, Թուրքիոյ կողմէ աննկատ պիտի չանցնի։ Եթէ Արեւմուտքը ըմբռնումով մօտեցաւ Հայաստանի մասնակցութեան՝ Ղազախստանի զինուորական միջամտութեան, զայն սեպելով ռուսական պարտադրանքի հետեւանք, նոյնը պիտի չըլլայ հայ-թրքական յարաբերութիւններու պարագային, մինչ ԱՄՆ-ու պնդումով Թուրքիա ընդունած էր Հայաստանի հետ սկսիլ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատման ուղղուած բանակցութիւններ, եւ մինչ՝ հայ եւ թուրք բանագնացներու առաջին հանդիպումը նախատեսուած էր Յունուար 14-ին։
Ղազախստան ունի նաեւ բազմանդամ հայկական համայնք մը, որ կրնայ տեղական բնակչութեան հետ խնդիրներ ունենալ, նկատի ունենալով Հայաստանի պետական միջամտութիւնը։
Մէկ բան շատ յստակ է, որ Սովետական Միութեան նախկին բոլոր անդամները որոնց իշխանական համակարգը բռնատիրական մնացած է, ժամանակի ընթացքին պիտի ենթարկուին ընկերային ցնցումներու, որոնց հետեւանքները կրնան շատ ծանր կշռել անոնց ապագային վրայ ու տարածաշրջանային խաղաղութեան։ Այս դիտանկիւնէն, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատումը մեծ ձեռքբերում մը կը մնայ, որ պէտք է պահպանել ներքին բախումներու առիթ չտալու եւ արտաքին ուժերու կողմէ չշահագործուելու համար։
Ժ.Չ. ■