Մարտ 28-ին, Ղազախստան պաշտօնական այցի ծիրէն ներս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այցելած է քաղաքական բռնաճնշումներու եւ ամբողջատիրութեան զոհերու թանգարան եւ յուշահամալիր «ԱԼԺԻՐ» («Հայրենիքի դաւաճաններու կիներու Աքմոլի ճամբար»):
Նախարարը ծանօթացած է թանգարան-յուշահամալիրին մէջ ցուցադրուած նմուշներուն, որոնք կը ներկայացնեն 1930-50 թուականներուն Խորհ. Միութեան բռնաճնշումներու հետեւանքով Ղազախստանի Աքմոլ գիւղ (նախկին՝ Մալինովքա) աքսորուած կիներու պատմութիւնն ու դէպքերը։ Ըստ թանգարանի տուեալներուն՝ անոնց շարքին եղած են նաեւ շուրջ 80 հայ կիներ։
Միրզոյեան այնուհետեւ ծաղիկներ զետեղած է յուշահամալիրի շրջափակին տեղադրուած՝ հայ կիներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին եւ խաչքարին։
Նոյն օրը, Միրզոյեան այցելած է Կեդրոնական Ասիոյ ամէնէն մեծ արհեստագիտական կեդրոնը՝ «Ասթանա Հապ», ուր ծանօթացած է կեդրոնի գործունէութեան եւ նորարարական ծրագրերուն, ներառեալ առողջապահական բնագաւառին մէջ արհեստական բանականութեան կիրարկման նուիրուած հետազօտութիւններուն։
Ան՝ Կեդրոնի պատասխանատուներուն հետ քննարկած է նորարարական կրթութեան ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Ղազախստանի միջեւ համագործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները, նկատի ունենալով երկու երկիրներու կառավարութիւններուն՝ սոյն ոլորտին հանդէպ ցուցաբերած յատուկ ուշադրութիւնը։
Միրզոյեան ծանօթացած է նաեւ Կեդրոնի շրջանակին մէջ գործող «Վաղուան դպրոց»-ի (“Tomorrow School” ), աշխատանքներուն։
Յիշեցնենք, թէ նոյն Կեդրոնին մէջ յառաջիկային պիտի բացուի ԹՈՒՄՕ-ի մասնաճիւղը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։