Ճափոնի մէջ հայ երաժշտական մշակոյթը աշխուժօրէն տարածելու գործին մէջ մեծ ներդրում ունենալուն համար, Թոքիոյի «Կոմիտաս» երաժշտական միութեան համահիմնադիր, տաղանդաւոր դաշնակահար Թաքահիրօ Աքիպա պարգեւատրուած է ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան շքանշանով:
Յունուար 17-ին, Հայաստանի դեսպանատան շէնքին մէջ, դեսպան Արեգ Յովհաննիսեան շքանշանը յանձնած է ճափոնցի երաժիշտին: Հանդիպումին քննարկուած են յառաջիկային իրագործուելիք ծրագրերը, մասնաւորաբար, Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առթիւ նախատեսուող միջոցառումները:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ յառաջիկայ Մարտ 13-ին Թոքիոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ Աքիպայի եւ ջութակահար Քէյիքօ Ուրուշիհարայի համերգը, որուն ընթացքին երաժիշտները պիտի կատարեն նաեւ Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները՝ հայ անուանի երգահանի 100-ամեակին առթիւ: