Յունիս 1-ին, Ճափոնի Թաքասաքի քաղաքի Կունմա նահանգապետարանին մէջ պաշտօնապէս բացուած է Թումոյի՝ Ասիոյ առաջին միջազգային կեդրոնը` Թումօ Կունմա։ Կեդրոնը կը գործէ տարածաշրջանի մեծագոյն համաժողովներու հարթակ հանդիսացող` G Messe Gunma-ի մէջ, Կունմայի նահանգապետութեան հետ գործակցաբար, հազարաւոր ճափոնցի պատանիներուն տրամադրելով նորարարական հմտութիւններ՝ արհեստագիտութեան եւ ձեւաւորման բնագաւառներուն մէջ։
Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Թումոյի հիմնադիրներ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեան, Կունմայի նահանգապետ Իշիթա Եամամոթօ, Թուային փոխակերպման նախկին նախարար Թառօ Քոնօ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան, Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպան Մոնիկա Սիմոնեան, Թումոյի գործադիր տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեան, զարգացման հարցերու տնօրէն Բեկոր Փափազեան, միջազգային ծրագրերու ղեկավար Քրիս Շահինեան եւ այլ պատասխանատուներ։
Ապագային կը նախատեսուին նոր կեդրոններ եւ Թումօ տուփեր բանալ Ճափոնի Մաէպաշի եւ Քուսացու քաղաքներուն մէջ` աւելի մեծ թիւով պատանիներու հասանելի դարձնելու համար Թումոյի կրթական ծրագիրը:
Նշենք, թէ Թումօ Կունմայի բացումը տեղի ունեցած է «Էքսփօ 2025, Օզաքա» միջազգային ցուցահանդէսի օրերուն, ուր Հայաստան ներկայացուած է Թումոյի նախագծած «Այսօրուան եւ վաղուան սիւները» խորագիրը կրող տաղաւարով:
Հայկական տաղաւարի այցելուները առիթը ունին ծանօթանալու Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան, զբօսաշրջային գրաւչութիւններուն եւ ապագայի միտող կրթական նախաձեռնութիւններուն, ներառեալ` Թումօ Կունմային:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։