Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ Սեպտեմբեր 18-ին Ֆուքուշիմա նահանգի Մինամիաիծու քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է հայկական մշակութային փառատօն, նուիրուած՝ Հայաստանի Անկախութեան տօնին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին:
Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան Դիմագիրքի էջէն կը տեղեկանանք, որ փառատօնի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած է հայ եւ ճափոնական փոխանակումներուն նուիրուած համերգ մը, ինչպէս նաեւ ներկայացուած են Հայաստանի պատմութեան, զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթին վերաբերող տարբեր նիւթեր, Ճափոն ներածուող հայկական ապրանքներ եւ այլն: Համերգին հնչած են Արամ Խաչատրեանի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները։ Տեղական երգչախումբը կատարած է «Երեւան-Էրեբունի» երգը:
Նշենք, թէ Մինամիաիծու քաղաքը՝ Թոքիօ 2020-ին Հայաստանի պատուիրակութիւնը հիւրընկալած է, որու հետ ձեւաւորուած են ջերմ յարաբերութիւններ:
Հանդիսութեան աւարտին, քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան ելոյթ ունեցած է դեսպան Արեգ Յովհաննիսեան: Ան նշած է, որ 2022 Սեպտեմբեր 13-ին Հայաստանի դէմ Ազերպայճանի սանձազերծած յարձակման պայմաններուն մէջ թերեւս նպատակայարմար էր յետաձգել հանդիսութիւնները, սակայն, նկատի առնելով որ՝ Ազերպայճանի գործողութիւնները նպատակ ունին վերացնելու նաեւ հայկական մշակոյթն ու պատմական ժառանգութիւնը, վերոնշեալ փառատօնը անհրաժեշտ էր՝ ի հակազդութիւն այդ երկրի յիշեալ մտադրութիւններուն, անոր հայատեաց քաղաքականութեան, փաստելու համար որ՝ հայ ժողովուրդը հազարամեակներով ապրած եւ ստեղծած է մշակութային արժէքներ, որոնք բարձր կը գնահատուին աշխարհի բոլոր անկիւնները։ Սոյն ձեռնարկները կու գան ապացուցելու, որ անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը հայ ժողովուրդին համար կը մնան բարձրագոյն արժէքներ: