Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 172-րդ նիստը գումարուած է Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, Թեմի նոր առաջնորդի ընտրութեան օրակարգով։
Արամ Ա․ կաթողիկոս ընդառաջելով Բերիոյ Հայոց թեմի խնդրանքին, պաշտօնագիրով ուղարկած է առաջնորդական ընտրելիներու եռանուն ցանկ մը։ Ժողովը ընթերցած է կաթողիկոսարանի պաշտօնագիրը եւ եռանդամ ցանկի միաբաններու կենսագրական գիծերը։
Այնուհետեւ, Բերիոյ Հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովը փակ քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ թեմի առաջնորդ ընտրած է Մակար եպիսկ․ Աշգարեանը։