Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱԿ. Թուրքիոյ ներկայացուցիչը Ռուսաստանի Ուքրաինա ներխուժումը «Միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտում» կը Նկատէ

Մարտ 24-ին, ՄԱԿ-ի մէջ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու յայտնած է, թէ Ուքրաինայի դէմ Ռուսաստանի յարձակումը միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտում է:

“Թուրքիա երբեք զայն պիտի չընդունի: Մենք կոչ կ՚ուղղենք՝ անյապաղ հրադադար հաստատելու: Այս պատերազմին մէջ յաղթողներ չեն կրնար ըլլալ. այս պատերազմը պէտք չէ սկսեր եւ պէտք է անմիջապէս դադրեցուէր: Միջազգային ընտանիքը չի կրնար համակերպիլ այս պատերազմին հետ. ասիկա միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտում է: Մարիուփոլի մէջ կացութիւնը վտանգաւոր է. այնտեղ ամէն օր կիներ եւ մանուկներ կը մահանան: Թուրքիա շատ լաւ կը հասկնայ գաղթականներու հարցը եւ ողբերգութիւնը, որովհետեւ աշխարհի վրայ ամէնէն շատ գաղթական ընդունած երկիրն է: Թուրքիա դիւանագիտութեան մէջ շատ աշխուժ է, սակայն միակ երկրի մը նախաձեռնութիւնները բաւարար չեն: Բոլոր երկիրները պատասխանատու են ապագայ սերունդներուն բարեկեցութեան նկատմամբ: Մենք կոչ կ՚ուղղենք` Ուքրաինայի մէջ անյապաղ հրադադար հաստատելու. Ռուսաստան պէտք է դադրեցնէ այս երկրին դէմ իր յարձակումը եւ անյապաղ հեռանայ գերիշխան պետութեան տարածքէն` առանց որեւէ պայմանի”,– ընդգծած է Սինիրլիօղլու։

* * *

«ՆՅ» – Ահաւասիկ, լուր մը ուր ողբերգականն ու զաւեշտալին կատարելապէս կը զօդուին։ Միջազգային զարգացումներէ անտեղեակ մը, կարդալով վերեւի տողերը՝ կրնայ դիւրութեամբ եզրակացնել, որ այս արտայայտութիւնները անպայման կը պատկանին Զուիցերիոյ կամ Շուէտի նման երկրի մը ներկայացուցչին։ Գոնէ եթէ շաբաթ մը վերջ արտասանուած ըլլային սոյն խօսքերը, թերեւս կարելի ըլլար զանոնք դասել «Ապրիլմէկեան» կատակներու «լաւագոյններու տոմար»-ին մէջ։