Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին ներկայացուած է Հայաստանի կոչը

 

«Ազերպայճանէն պահանջեցէ՛ք անյապաղ քաշել իր ուժերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն»

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան  Կազմակերպութեան Անվտանգութեան խորհուրդի հրատապ նիստին յորդորած է ՄԱԿ-ին՝ տէր կանգնիլ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման իր պատասխանատւութեան՝ պահանջելով Ազերպայճանէն անյապաղ քաշել իր ուժերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։

Մարգարեան իր ելոյթին մէջ ըսած է. “Մենք կը դիմենք Խորհուրդին՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան համաձայն տէր կանգնելու միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման իր պատասխանատւութեան: Ազերպայճան նաեւ պէտք է յարգէ մարդասիրական իր պարտաւորութիւնները՝ հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ, բարեխղճօրէն պարտաւորուի պահպանելու հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը…”:

Ապա, Մարգարեան աւելցուցած է որ՝ Հայաստան խստօրէն կը յորդորէ Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն ներգրաւուիլ այս հարցին մէջ եւ  հրատապ նիստի աւարտին շօշափելի արդիւնքներու հասնիլ.-

– Խստօրէն դատապարտելով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին դէմ Ազերպայճանի յարձակումը,

– Պահանջելով անյապաղ քաշել իր ուժերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն,

– Պահանջելով զերծ մնալ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ յարձակման հետագայ գործողութիւններէ, ամբողջութամբ  կատարել միջազգային իր պարտաւորութիւններն ու յանձնառութիւնները, ներառեալ՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթին եւ եռակողմ յայտարարութիւններու տրամադրութիւնները,

– Կոչ ընելով խաղաղ կերպով ներգրաւուիլ բանակցային գործընթացին մէջ, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութենէն բխող հարցերուն, նաեւ կարգավիճակի վերաբերեալ,

-Կոչ ընելով բոլոր հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու եւ հայրենիք վերադարձնելու,  շեշտելով որ՝ հակառակը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտում է։