ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը կասեցուցած է Ռուսաստանի մասնակցութիւնը Մարդկային իրաւանց խորհուրդին:
«Ռէօթըրզ» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ այդ որոշումը պայմանաւորուած է Ուքրաինայի մէջ Ռուսաստանի գործողութիւններով:
Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած այս նախաձեռնութիւնը ստացած է 93 թեր ձայն, 24 երկիր դէմ քուէարկած է, իսկ 58-ը՝ ձեռնպահ մնացած է:
Նշենք թէ՝ Հայաստան քուէարկութեան չէ մասնակցած։
Աւելցենք, թէ խորհուրդին մէջ մասնակցութեան կասեցում հազուադէպ կը պատահի: Լիպիոյ մասնակցութիւնը դադրեցուած էր 2011-ին` այդ երկրին այն օրերու ղեկավար Մուամմար Քատաֆիին հաւատարիմ ուժերուն կողմէ ցուցարարներուն նկատմամբ ցուցաբերուած բռնութեան պատճառով: