Երեւանի մէջ, Մայիսի վերջ իր մահկանացուն կնքած է համշէնի ուսումնասիրութիւններով ծանօթ ազգագրագէտ, խմբագիր Սերկէյ Վարդանեան, 73 տարեկանին։
Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը կը գրէ, թէ Վարդանեանի մահով լռեց նաեւ իր իսկ հիմնած եւ երկար տարիներ խմբագրած «Ձայն Համշէնական» պարբերականը։ «Ակօս» կը շարունակէ.
«Սերկէյ Վարդանեան տասնամեակներ շարունակ որոնեց համշէնցիներու մշակոյթը, պատմութիւնը եւ մա՛նաւանդ բարբառը։ Ան այս որոնումներով ճամբորդեց զանազան երկիրներ, ուր մերթ իրենց կամքով, մերթ ալ բռնի պարտադրանքով բնակութիւն հաստատած են համշէնցիները։ Անոնք ծագումով հայեր են, որ իրենց ցեղապետի՝ Համամ Ամատունիի առաջնորդութեամբ հաստատուած են սեւծովեայ Խաչքար լեռներու ստորոտները, հպատակելով Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութիւններուն։ Պայմաններու բերումով մօտ երեք դար առաջ իսլամացած են, բայց առտնի գործածութեամբ պահած մայրենի լեզուն։ Ռուսական հատուածի մէջ բնակող համշէնցիներու կարեւոր մէկ մասը քրիստոնեայ է։ Իսկ անոնցմէ իսլամադաւանները Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն բռնի կերպով աքսորուած են կեդրոնական Ասիոյ երկիրներ։
Սերկէյ Վարդանեան համշէնցիներու բոլոր բեկորները ուսումնասիրած գիտնական մըն էր եւ այդ աշխատանքներու ծիրէն ներս այցելած էր նաեւ Թուրքիա։ Այստեղ եւս հանդիպած էր համշէնցիներու, որոնց հետ շրջած էր նաեւ Խաչքարի լեռնադաշտերը։ Այս այցելութիւնը առիթ ընձեռեց, որ ան մտերմանայ “Ակօս”-ի անձնակազմին, յատկապէս հայերէն էջերու նախկին աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանի հետ։ Իր կորուստով սուգի մատնուած են համշէնցիք, համշէնահայերը եւ “Ակօս”-ի անձնակազմը»։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։