Ապրիլ 29-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ Ռուսաստանի իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ հեռաձայնային զրոյցին համաձայնութիւն յայտնած է Մայիս 13-ին Տուշանպէի մէջ կայանալիք ԱՊՀ-ի Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի շրջանակին մէջ Հայաստանի, Ռուսաստանի ու Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպում կազմակերպելու ռուսական կողմի առաջարկին: Լուրը հաղորդած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մանրամասնելով, որ երկու երկիրներու ԱԳ նախարարները քննարկած են 2020 Նոյեմբեր 9-ի, 2021 Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններով ստանձնուած պարտաւորութիւններու գործադրման ընթացքը:
Կողմերը անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի ձեւաւորման հարցին, որու ստեղծման մասին արդէն համաձայնած են Երեւանն ու Պաքուն:
Արարատ Միրզոյեան վերահաստատած է Հայաստանի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղուած գործընթացներու, Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան համապարփակ պայմանագրի շուրջ բանակցություններու վերաբերեալ։