Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մայր Աթոռի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» վարչական շէնքի հիմնօրհնէքի արարողութիւնը

 

Սեպտեմբեր 7-ին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, կատարուած է Մայր Աթոռի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» վարչական շէնքի հիմնօրհնէքի արարողութիւնը: Վարչական շէնքը կը կառուցուի Սուրբ Էջմիածնի բարերարներ Տէր եւ Տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու սրտաբուխ յանձնառութեամբ եւ ազնիւ նուիրատւութեամբ:   

Արարողութեան ներկայ եղած են Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը, պաշտօնէութիւնը, Վաչէ Մանուկեանի յատուկ ներկայացուցիչ Արա Ալեքսանեանը եւ հաւատացեալներ:

Հիմնօրհնէքէն յետոյ Գարեգին Բ. իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը յղած է բարեպաշտ Մանուկեան ընտանիքին, որ իր արդար վաստակը կը ծառայեցնէ հայոց ազգի բարօրութեան եւ Առաքելական եկեղեցւոյ պայծառութեան: Ապա Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ընթերցած է հիմնօրհնէքի առիթով կազմուած յիշատակարանը, որ այնուհետեւ զետեղուած է կառոյցի հիմերուն մէջ:

Տէր եւ Տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու առատաձեռն հոգածութեամբ 2012-ին Սուրբ Էջմիածնի մէջ ստեղծուած է «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան մատենադարանը»` իր հարուստ գրադարանով եւ վայելուչ պայմաններով` հայրենական-եկեղեցական կեանքին մէջ դառնալով աստուածաբանական եւ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու եւ գիտաժողովներու ուրոյն կեդրոն:  

Նոր կառուցուող վարչական շէնքը պիտի ծառայէ Մայր Աթոռի վարչական կառոյցներու մէկտեղման եւ աշխատանքի արդիւնաւէտ կազմակերպման գործին` իր իւրօրինակ ճարտարապետութեամբ նաեւ գեղեցկացնելով մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը: