ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը
Մարտ 7-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ, սկսած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով ժողովը:
Բացումը կատարուած է Տէրունական աղօթքով. ապա ԳՀԽ-ի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներուն իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները հաղորդած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, որ առանձնակի գոհունակութեամբ ընդգծած է Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի մասնակցութիւնը ԳՀԽ-ին: Գարեգին Բ. նաեւ շնորհաւորած է Գրիգոր վարդապետ Խաչատուրեանը՝ Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելուն կապակցութեամբ` մաղթելով արդիւնաւէտ առաքելութիւն:
Ժողովի օրակարգին ընդգրկուած են ազգային, եկեղեցա-վարչական, իրաւական, կանոնական եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման առնչուող հարցեր: